Գիտական Նստաշրջան` Նուիրուած Սիմոն Զաւարեանին
23 հոկտեմբերի առաւօտեան, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային (ԳԱԱ) մէջ իր աշխատանքներուն սկսաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադիր անդամ, «Դաշնակցութեան խիղճն ու սիրտը» նկատուող Սիմոն Զաւարեանի մահուան 100-րդ տարելիցին նուիրուած գիտական նստաշրջանը:
Գիտաժողովին ներկայ էին ակադեմական, գիտակրթական-մտաւորական, կուսակցական շրջանակներու, ինչպէս նաեւ հասարակութենէն ներկայացուցիչներ: Գիտական նստաշրջանին բացման խօսքը արտասանեց Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղար Եուրի Սուվարեանը:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Լեւոն Մկրտչեանը, ԳԱԱ-ի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն, ԳԱԱ-ի թղթակից անդամ Աշոտ Մելքոնեանը, ԳԱԱ-ի Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի տնօրէն, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Աւիկ Իսահակեանը, Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի ղեկավար, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Էդիկ Մինասեանը:
Զեկոյցներով հանդէս եկան «Վէմ» հանդէսի խմբագիր, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Գէորգ Խուդինեանը եւ Երեւանի պետական տնտեսագիտական համալսարանի «Ամբերդ» հետազօտական կեդրոնի տնօրէն, տնտեսական գիտութիւններու դոկտոր Սամուէլ Աւետիսեանը:
Ելոյթ ունեցողները շեշտեցին, որ Սիմոն Զաւարեանը եղած է իր ժամանակի բարձրարժէք մտաւորականներէն ու ազգային գործիչներէն մէկը: Նշուեցաւ, որ ան կրնար նուիրուիլ գիտական ու մանկավարժական գործունէութեան, կրնար մեծ յաջողութիւններու հասնիլ երկրագործական զարգացման ոլորտին մէջ, եթէ` հայրենիքի փրկութեան գաղափարներով տոգորուած, ի վերջոյ, կեանքը անմնացորդ չնուիրէր յեղափոխական գործին: Զաւարեան ճանչցուած եւ բարձր գնահատանքի արժանացած է իր ժամանակի ամէնէն երեւելի դէմքերուն կողմէ, որոնց կարգին կարելի է նշել Յովհաննէս Թումանեանը, Աւետիք Իսահակեանը, Աւետիս Ահարոնեանը, Դանիէլ Վարուժանը եւ բազմաթիւ ուրիշներ:
Բացման խօսքին մէջ Եուրի Սուվարեանը նշեց, որ Սիմոն Զաւարեանը ո՛չ միայն յայտնի քաղաքական գործիչ էր, այլ նաեւ մեծ տնտեսագէտ: Ան անդրադարձաւ Զաւարեանի ձգած աշխատութիւններուն եւ մասնագիտական գործունէութեան առումով ունեցած մեծ աւանդին: «Սիմոն Զաւարեանի թողած ժառանգութիւնը բաւականին հարուստ ու բաւականին արդիական է նաեւ այսօր, եւ այս իմաստով այս գիտաժողովը շատ կարեւոր է` այս գործչի գործն ու կենսագրութիւնը ներկայացնելու առումով: Մենք պէտք է դասեր քաղենք այդ խոշոր գործչի թողած ժառանգութիւնից», հաստատեց ակադեմիկոսը:
Իր խօսքի մէջ Աւիկ Իսահակեան ընթերցեց ներկաներուն համար անծանօթ բանաստեղծութիւն մը, որ Աւետիք Իսահակեանի մեծարանքի ձօնն էր մեծ հայորդիին հասցէին:
«Դաշնակցութեան ապակենտրոնացման գաղափարը հէնց Սիմոն Զաւարեանը դրեց, ինչն էլ հետագայում դժուարին պահերին հիմք ստեղծեց աշխատելու համար», հաստատեց Էդիկ Մինասեան:
Սիմոն Զաւարեանին` որպէս հասարակական-քաղաքական գործիչի կերպարին, անդրադարձաւ Լեւոն Մկրտչեան, որ դիտել տուաւ, թէ խօսքը մեր նոր շրջանի պատմութեան այնպիսի սերունդի մասին է, որ կրցաւ հանճարեղ կերպով իրար միացնել գրիչը, զէնքը եւ աշխատանքը:
«Երբ մենք խօսում ենք Սիմոն Զաւարեանի մասին, այս կերպարի մէջ շատ համերաշխ ու համաչափ ձեւով համադրուած են երեք սկզբունք, որոնք, ի վերջոյ, մեր ժողովրդի ապագան ու յարատեւութեան գաղտնիքն են: Այս գիտաժողովի ժամանակ կը բարձրաձայնուի Սիմոն Զաւարեանի գիտական, հասարակական, քաղաքական ժառանգութեան մասին, կը բացուի նրա կերպարը եւ գործունէութեան տարբեր էջերը: Ցաւօք սրտի, մեր հասարակական-քաղաքական լայն շերտի այս սերնդի գործունէութիւնը միակողմանի է ներկայացւում: Այս սերունդը իրականացրեց պատմական մեծ առաքելութիւն, կարողացաւ շուրջ 20 տարիների ընթացքում մահուան դատապարտուած ու մահուան ճանապարհով գնացող ժողովրդին դուրս բերել կեանքի ու շարունակականութեան ճանապարհ:
«Հայկական լինելիութեան գաղտնիքն, ի վերջոյ, ձեւաւորուեց նաեւ եւ հիմնականում այս սերնդի ջանքերով: Իսկ Զաւարեանի սերնդին ու սերնդակիցների գործունէութիւն, անյոյս ու ընկճուած ժողովրդին հանեց ազգային-ազատագրական պայքարի ու յոյս ներշնչեց, որ իր սեփական ուժերով պէտք է ազատագրուի», նշեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, պատմաբան Լեւոն Մկրտչեանը:
Աշոտ Մելքոնեան ըսաւ, որ` ըլլալով հարազատ կուսակցութեան ամէնէն հեղինակաւոր ու սիրուած դէմքերէն մէկը, Զաւարեան միաժամանակ համահայկական ընդգրկում ունէր եւ կը պատկանի ողջ հայ ժողովուրդին: Անոր բարոյական անբիծ նկարագիրի համար ժամանակակիցները Սիմոն Զաւարեանը անուանած են «Աշխարհիկ սուրբ»:
Սամուէլ Աւետիսեան` զեկուցելով Հայ երկրագործական տնտեսագիտական մտքի ձեւաւորման իմաստով Սիմոն Զաւարեանի ունեցած դերակատարութեան մասին, ափսոսանք յայտնեց, որ այսօրուան հայկական տնտեսագիտական դասագիրքերուն մէջ կը բացակայի Զաւարեանի անունը: Մանաւանդ որ անոր ուսումնասիրութիւններուն արդիւնքները եւ զարգացուցած գաղափարները այսօր եւս արդիական են Հայաստանի տնտեսական զարգացման առումով: Ան աւելցուց, որ Զաւարեանի մեծաթիւ նախանշումներ հետագային կեանքի պիտի կոչուին` աւելցնելով, որ այդ ուղղութիւնները կը գտնուին Հայաստանի տնտեսական զարգացման ռազմավարութեան կորիզին մէջ: Աւետիսեանի համաձայն, անոր գիտական աշխատութիւնները այսօր եւս արժանի են խորապէս ուսումնասիրուելու:
Ելոյթ ունեցողները նշեցին, որ երիտասարդ տարիքէն տարուելով ազգային-յեղափոխական գաղափարներով, Զաւարեան Դաշնակցութեան ճամբով կեանքը նուիրեց հայութեան ազատագրութեան դատին: Գործեց Արեւմտահայաստանի եւ Արեւելահայաստանի մէջ, եղաւ յեղափոխական գործի ու գաղափարներու քարոզիչ ու տեսաբան: Զաւարեանը գլխաւոր տեսաբաններէն էր ապակեդրոնացեալ կառավարման սկզբունքին, որ հիմքն է Դաշնակցութեան կառոյցի, եւ կը մարմնաւորէ այն, թէ ինչպիսի վարչաձեւ կը տեսնէ Զաւարեանը ապագայ Հայաստանի համար:
Վերոնշեալ ելոյթներով աւարտեցաւ նստաշրջանի առաջին մասը, իսկ ընդմիջումէն ետք գիտաժողովը շարունակուեցաւ ԳԱԱ-ի պատմութեան հիմնարկին մէջ:
Նշենք, որ գիտական այս նստաշրջանով մեկնարկած յիշատակի ձեռնարկները պիտի շարունակուին մինչեւ 25 հոկտեմբեր` ժամը 10:00, Հայաստանի ազգային արխիւի կեդրոնին մէջ կազմակերպուող փաստաթուղթերու եւ նիւթերու ցուցահանդէսով, իսկ 26 հոկտեմբերին Լոռիի մարզի Այգեհատ գիւղին մէջ Զաւարեանի շիրիմի մօտ պիտի կայանայ յիշատակի ձեռնարկ: