Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Պէտք է դասեր քաղէք անցեալէն: Ձախողութիւնները օգտակար են, զանոնք ընդունեցէք իբրեւ խրատ տուող բարեկամներ: Իմաստուն եղէք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Աշխատանքի մէջ պիտի ստեղծուի լաւ տրամադրութիւն, մթնոլորտը քաջալերական է: Ձեր ներկայութիւնը օգտակար պիտի ըլլայ հարցի մը համար:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Մնացէք հաւատարիմ ձեր սկզբունքին, որպէսզի դժուարութիւն չունենաք աշխատանքը դասաւորելու: Ուրիշներուն որոշումը կրնայ խանգարել:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Դուք կարողութիւնը ունիք իրագործելու ձեզի յանձնուած գործը: Գիտէք աշխատանքին ձեւը, մեթոտը, հետեւաբար կը յաջողիք: Յառաջացէք:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Պիտի կարենաք անցնիլ դժուար հանգրուան մը` շնորհիւ ձեր գիտակցութեան եւ ուշադիր վերաբերումին: Դիւրին պիտի ըլլայ այս փորձառութիւնը:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Մտիկ ըրէք ձեր բարեկամներուն կարծիքը, խրատը: Անոնց փորձառութիւնը օգտակար պիտի ըլլայ ձեզի: Համակերպեցէք, կ՛օգտուիք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեզի մօտիկ անձ մը պիտի զգուշացնէ ձեզ ինքնագլուխ գործելէ: Լաւ նայեցէք ձեր շուրջը եւ մի՛ ամչնաք դիմելու փորձառու մարդոց:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ճամբորդութեան ծրագիր մը ունիք, որ հետզհետէ շօշափելի իրականութիւն պիտի ըլլայ: Մի՛ զարմանաք, երբ անակնկալ նորութիւններ ունենաք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր առօրեային կամ ձեր կեանքին մէջ նոր էջ մը պիտի դարձնէք: Այս իրողութիւնը պիտի մղէ ձեզ որոշում տալու` ըստ կացութեան:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եթէ ամուսնացած էք կամ նշանուած, եւ կամ ընկեր մը ունիք, ջանացէք հասկացողութեան եզր մը գտնել ձեզ մտահոգող հարցին:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Վերջապէս յաջողած էք գիշերային ձեր քունը խաղաղ անցընելու: Ասիկա կարեւոր յաջողութիւն մըն է` ձեր առողջութիւնը պահպանող:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Օրը հիանալի է ընտանեօք ուրախ-զուարթ պահեր ապրելու: Պիտի զգաք քաղցրութիւնը համերաշխ կեանքին, ձեր հարազատներուն հետ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )