50 Տարի Առաջ (25 Հոկտեմբեր 1963)

Տոմսեր

Կանացի Փիլիսոփայութիւն Մը
Արեւելքէն

Այս օրերուն «զօրաւոր կին» մը կը շրջագայի Ամերիկայի մէջ, քաղաքական առաքելութեամբ: Հարաւային Վիեթնամի գաղտնի ոստիկանութեան ուժերու պետին կինն է ան` մատամ Նհու, որուն համար կ՛ըսուի, թէ վարագոյրի ետեւէ կը վարէ երկրին քաղաքականութիւնը, մանաւանդ` պուտտայականներու դէմ: Այո կնոջմէն կը վախնան բազմաթիւ այրեր, նախագահներ, նախարարներ, վարչապետներ եւ այլն:

Լրագրող մը կը յայտարարէ, թէ Նհույէն աւելի՛ զօրաւոր կին մը գոյութիւն ունի, եւ ան է, որ կը վարէ գործերը, երկրորդ վարագոյրի ետեւէն: Լրագրողը այդ կնոջ հետ ունեցած է հետեւեալ շահեկան տեսակցութիւնը:

– Տիկին Ուհու, կը լսենք ու կը տեսնենք, թէ կիները մեծ ազդեցութիւն ունին Հարաւային Վիեթնամի գործերուն մէջ: Ինչի՞ կը վերագրէք այս պարագան:

– Կիները ամէն տեղ մեծ ազդեցութիւն ունին բոլոր գործերու մէջ. միայն այրերն են, որ կ՛անգիտանան այս տիեզերական ճշմարտութիւնը:

– Հարաւային վիեթնամցի կնոջ գլխաւոր նպատակը ինչ է:

– Ինչպէս ամէն տեղ, նախ` ամուսին մը ձեռք ձգել:

– Քրիստոնեա՞յ ամուսին կը փնտռեն, թէ՞ պուտտայական:

– Ամուսին ըլլայ, ի՛նչ կ՛ուզէ թող ըլլայ. դժբախտաբար այս մարզին մէջ ուծացում կայ մեր երկրին մէջ:

– Այր մարդը մինչեւ իր ո՞ր տարիքը փեսացու կը նկատուի ձեր երկրին մէջ:

– Քանի շունչ կայ այր մարդու մը մէջ, թեկնածու կը նկատենք: Երբ դադրի շնչառութիւնը, այլեւս թեկնածու չի նկատուիր:

– Գլխաւորաբար հարաւային վիեթնամցի կիները երկրին ո՞ր ասպարէզներուն մէջ կը սիրեն գործել:

– Եթէ երկու խորամանկ կին քով քովի գան, բարեսիրական միասնութեան մէջ կը մտնեն չարութեան նպատակով: Աւելի լաւերը քաղաքական կեանքի կը մասնակցին:

– Չէ՞ք ցաւիր, որ պուտտայականներ երբեմն ողջակէզ կը դառնան ձեր երկրին մէջ:

– Ինչո՞ւ պիտի ցաւիմ: Երբ մարդիկ ողջ են, զզուանք կը զգանք անոնցմէ. երբ կը մեռնին, կը ցաւինք. այս չէ՞ կեանքի կիզիչ հեգնանքը: Այրերը, եթէ գաղափարի մը համար այրին, իրենց փուճ կեանքը նպատակի մը կը ծառայէ: Այս է հարաւային վիեթնամցի կիներուն փիլիսոփայութիւնը:

Այս յայտարարութենէն ետք, լրագրողը փախուստ տուած է` ինքզինք կրակի վրայ նստած զգալով:

ԳԻՍԱՒՈՐ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )