Արուեստի Աշխարհէն. Միքելանճելոյի Ընդմիշտ Վտանգուած Որմնանկարները
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՏԱՐԻՆԵՐ ՇԱՐՈՒՆԱԿ ՎԱՏԻԿԱՆ ՍՊԱՌՆԱՑԱԾ Է ՓԱԿԵԼ ՍԻՍԹԻՆԵԱՆ ՄԱՏՈՒՌԸ: ԱՅՍ ԱՆԳԱՄ ԵՒՍ ԱՊԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱԿԱՐԴԱԿԸ ՀԱՍԱԾ Է ԱՅՆՊ ԻՍԻ ԱՍՏԻՃԱՆԻ ՄԸ, ՈՐ ԴԱՐՁԵԱԼ ԿԸ ԽՕՍՈՒԻ ՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿ ԹԻՒՈՎ ԱՑՅԵԼՈՒՆԵՐ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ: «ՏԸ ՀԱՖԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ» ԿԸ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆԷ.
Վատիկանի թանգարաններուն ընդհանուր պատասխանատուն քանի մը օր առաջ յայտարարեց, թէ պիտի ստիպուի սահմանափակել Սիսթինեան մատուռ այցելողներուն թիւը, եթէ օդափոխիչ սարքերը եւ օդը մաքրազտող գործիքները չյաջողին նկատառելի կերպով իջեցնել ապականութեան «վտանգաւոր» մակարդակները:
Պատասխանատուն` Անթոնիօ Փաուլուչի մամլոյ ասուլիսի մը առիթով յայտարարած է, թէ նոր հաստատուած օդափոխիչ համակարգը անկասկած որ արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ: Անիկա պիտի սկսի գործել 2014-ի վերջաւորութեան եւ պիտի սահմանափակէ մատրան մէջ խոնաւութեան, փոշիի եւ երկթթուածին բնածխաջրատի (քարպոն տայոքսայտ) համեմատութիւնները, որոնք կը մթագնեն եւ կը գունաթափեն Միքելանճելոյի գլուխ գործոց որմանկարները:
Այսուհանդերձ, ան կը զգուշացնէ. «Եթէ այս ծրագիրը չյաջողի, ապա պիտի ստիպուիմ սահմանափակել այցելուներուն թիւը, սակայն ասիկա շատ ցաւալի լուծում մը պիտի ըլլայ»:
Կ՛ակնկալուի, որ այս տարի շուրջ 5.5 միլիոն հոգի այցելած ըլլան Վատիկանի թանգարանները: Զբօսաշրջութեան եղանակի գագաթնակէտին օրական շուրջ 20 հազար հոգի մուտք կը գործէ Սիսթինեան փոքր մատուռը, որ վերջին անգամ վերանորոգուած է 1990-ական տարիներուն: Այցելուներուն թիւը եռապատկուած է վերջին 30 տարիներուն, ինչ որ պատճառ դարձած է փոքր տարածքին մէջ օրէ օր խոնաւութեան եւ փոշիի յաւելեալ կուտակումին:
Օդափոխիչ սարքերը, զորս նուիրած է Քերիըր ընկերութիւնը, պիտի ծառայեն ապականութեան մակարդակները կայուն պահելու` միլիոնի վրայ 800 մասնիկի համեմատութեամբ: Պատասխանատուներու համաձայն, երբեմն ապականութեան մակարդակը կը հասնի այս համեմատութեան կրկնապատիկ աստիճանին:
Փաուլուչի բացարձակապէս պիտի չուզէր Սիսթինեան մատրան մէջ տեսնել վերանորոգութեան նոր արշաւ մը, որովհետեւ նման աշխատանքներ «ցնցիչ են» որմնանկարներուն համար: Վերանորոգութեան վերջին աշխատանքը սուր կերպով քննադատուեցաւ, որովհետեւ որմանկարները շատ աւելի վառ գոյներ ստացան, քան ինչ որ Միքելանճելոյ երբեւիցէ ծրագրած էր տեսնել:
«Վերանորոգութիւններ պիտի չկատարուին այլեւս,- կ՛ըսէ Փաուլուչի,- սակայն պահպանումի աշխատանքը կը շարունակուի»:

