Արուեստի Աշխարհէն. Հաւանական Լէոնարտօ Մը` Որմնախորշի Մը Մէջ

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Իզապելլա տ՛Էսթէն պատկերող կաւիճով գծուած ճեպանկարը եւ նոր ի յայտ եկած իւղանկարը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ՈՄԱՆՔ ԿԸ ԿԱՍԿԱԾԷԻՆ, ԹԷ ԱՆԻԿԱ ԵՐԲԵՒԻՑԷ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԱԾ ԷՐ: ՍԱԱԿՅՆ ԱՅԺՄ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ՄԷԿ ՇՐՋԱՆԻՆ ՄԷՋ ՈՐՄՆԱԽՈՐՇԷ ՄԸ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒԱԾ Է ԴԻՄԱՆԿԱՐ ՄԸ, ՈՐ ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ԿԱՐԾԻՔՈՎ, ԿՈՐՍՈՒԱԾ ՏԱՐԲԵՐԱԿՆ Է ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԻ ՎԱՐՊԵՏԻՆ ԳԾԱԾ ՄԷԿ ՃԵՊԱՆԿԱՐԻՆ: «ՏԸ ՀԱՖԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ» ԿԸ ՏԵՂԵԿԱԳՐԷ ԱՅՍ ՄԱՍԻՆ, ՆԱԵՒ` ՏԱՐԱԿԱՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ:

Որմնախորշի մը մէջ փականքի տակ պահուած ընտանիքի մը սեփական հաւաքածոն հաւանաբար կը պարունակէ Իզապելլա տ՛Էսթէի դիմանկարը, որ դարեր շարունակ թաքուն պահուած է աշխարհի աչքերէն: Արուեստի այս գործին սեփականատէրերը հաւանաբար իրենք ալ տեղեակ չէին, թէ իրենց ձեռքերուն մէջ ունէին թանկարժէք գործ մը:

Այժմ իրի մը բաղկացուցիչ բնածուխի հնութիւնը չափող քննութիւններ եւ մասնագէտներու վերլուծումներ մտածել կու տան, թէ դիմանկարը իրական Լէոնարտօ մըն է, ինչպէս կը գրէ իտալական «Քորիէրա Տելլա Սերա Սեթթէ» թերթը:

Տա Վինչիի գեղանկարը, որ կը պատկերէ Իզապելլա տ՛Էսթէ անունով ազնուական խաւի կին մը, հաւանաբար վերջնական տարբերակն է անոր կաւիճով գծուած ճեպանկարին: 1500-ի շուրջ գծուած այս ճեպանկարը, որ կը ցուցադրուի Լուվրի թանգարանին մէջ, կը պատկերէ նոյն կնոջ 46.5 սմ լայնքով եւ 61 սմ երկայնքով դիմաստուերը:

Իզապելլա տ՛Էսթէ այդ տարիներուն տա Վինչիէն խնդրած է գծել իր դիմանկարը: Այնուհետեւ դարեր շարունակ արուեստի պատմաբաններ ենթադրած են, թէ տա Վինչի պարզապէս գծած է Մանթուայի մարքիզին ճեպանկարը եւ չէ յաջողած աւարտել անոր դիմնակարը, կամ` անիկա կորսուած է:

Այսուհանդերձ, կը թուի, թէ գեղանկարը չէ կորսուած, այլ` դարեր շարունակ պահուած է փականքի տակ:

Տա Վինչիի անուանի մասնագէտ Քարլօ Փետրեթթի հաստատած է գեղանկարին պատկանելիութիւնը եւ իտալական թերթին յայտնած է, թէ կասկած չունի այս մասին: Սակայն ան նաեւ նշած է, թէ երկարատեւ քննութիւններէ ետք միայն կարելի պիտի ըլլայ հաստատել, թէ գեղանկարին ո՛ր մասերը իրագործուած են տա Վինչիի աշակերտներուն կողմէ:

Իսկ այլ մասնագէտ մը` Օքսֆորտի համալսարանէն Մարթին Քեմփ կասկածով դիմաւորած է յայտնաբերումը եւ բրիտանական «Տը Տէյլի Թելեկրաֆ» թերթին յայտնած է, թէ տա Վինչի կը նախընտրէր գծել փայտի վրայ, եւ ոչ` պաստառի, մինչդեռ յայտնաբերուած դիմանկարը գծուած է պաստառի վրայ:

Անցեալ տարի տա Վինչիի վերագրուած էր այլ գեղանկար մը, որ ի յայտ եկած էր սկովտիական գիւղական բնակարանէ մը: Մասնագէտներ տակաւին չեն հաստատած Աստուածամայրը եւ մանուկ Յիսուսը պատկերող այս գեղանկարին պատկանելիութիւնը: Սակայն, եթէ անիկա իրապէս տա Վինչիի գործն է, ապա կրնայ արժել աւելի քան 150 միլիոն տոլար:

 

Share this Article
CATEGORIES