Արուեստի Աշխարհէն. Ինչպէ՞ս Կարելի Է Բնորոշելդասական Սրամտութիւն Մը
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՎԵՐՋԵՐՍ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱԾ Է «ՍՐԱՄԻՏ ՄԷՋԲԵՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ՕՔՍՖՈՐՏ ԲԱՌԱՐԱՆ»-Ը, ՈՒՐ ԱՄԷՆԷՆ ԱՒԵԼԻ ՄԷՋԲԵՐՈՒԱԾ Է ՕՍՔԱՐ ՈՒԱՅԼՏԸ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԱՐԳ ՄԸ ՍՐԱՄՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԸ ԴԻՄԱՆԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՔՆՆՈՒԹԵԱՆ:
Օսքար Ուայլտ 159 տարեկան պիտի ըլլար այսօր, կամ` գէթ անոր երգիծանքի զգացողութիւնը կ՛ապրի այսքան տարիէ ի վեր:
Զարմանալի չէ, որ ան ամէնէն բեղուն հեղինակն է, որուն սրամտութիւնները մաս կը կազմեն «Օքսֆորտ տիքշընըրի աֆ հիւմըրըս քոթէյշընզ» գիրքին 5-րդ հրատարակութեան, որ լոյս տեսած է այս ամիս եւ կը պարունակէ 5000 մէջբերումներ:
Շատեր հաւանաբար ծանօթ են ուայլտեան գէթ մէկ սրամտութեան. «Ոչինչ ունիմ յայտարարելիք, բացի` հանճարէս»: Ոմանք կրնան վիճիլ, սակայն ասիկա կը նկատուի Ուայլտի ամէնէն հռչակաւոր սրամիտ խօսքը, թէեւ երբեք չէ փաստուած, թէ իրապէ՛ս կը պատկանի Ուայլտի: Այլ սրամտութիւն մը կ՛ըսէ. «Կրնամ դիմադրել ամէն ինչի, բացի` փորձութեան»:
Լաւագոյն սրամտութիւնները կը ստեղծեն հակազդեցութիւն մը. կը ծիծաղինք բարձրաձայն կամ պարզապէս կը ժպտանք, ինչպէս կը նկարագրէ գիրքին խմբագիրը` Ճայլզ Պրենտրեթ: «Լաւագոյն սրամտութիւնները խնդուք պարգեւած են, երբ առաջին անգամ ըսուած են, սակայն յայտնապէս իրենց յատկութիւնը կը շարունակեն պահել աւելի քան 100 տարիէ ի վեր, անկախ անկէ, թէ ծանօ՞թ ենք անոնց պարունակին, թէ` ոչ», ինչպէս կ՛ըսէ ան:
Ամէնէն հաճելի սրամտութիւնները կը խտացնեն մարդկային վիճակը արտայայտող հիմնական իմաստութիւն մը եւ ոչ թէ՞ պարզապէս կ՛արտացոլեն իրենց ժամանակներու վարուելակերպերը:

Ամերիկացի բանաստեղծ եւ քննադատ Տորոթի Փարքըրի ձաղկող քննադատութիւնները կը տարուբերէին կծու եւ դաժան արտայայտութիւններու միջեւ:
«Պոպ Հոփ ըսած է. «Կ՛անդրադառնաս, թէ տարիքդ յառաջացած է, երբ մոմերը աւելի կ՛արժեն, քան` կարկանդակը»: Թէեւ այս մէջբերումը ընդհանրապէս զուարճալի կը նկատուի, սակայն կրկնակիօրէն զուարճալի է, որովհետեւ կատակաբանը այս խօսքը ըսած է յառաջացած տարիքին», կը բացատրէ Պրենտրեթ:
Գիրքին մէջ ամէնէն աւելի մէջբերուած սրամիտ 7 անձերէն միայն մէկը կին է: Տորոթի Փարքըրի մէջբերումները կու գան 1920-ական տարիներէն եւ կը շարունակեն արձագանգել 21-րդ դարուն: Փարքըրի բնորոշ սրամտութիւն մըն է հետեւեալը. «Այս վէպը կարելի չէ դիւրութեամբ նետել մէկ կողմ: Պէտք է զայն շպրտել մեծ ուժով»: Ոմանք նոյնիսկ կը վիճին, թէ այս խօսքը կը պատկանի այլ հեղինակի մը:
Սակայն վստահաբար Փարքըրի կը պատկանի ծանուցումէ մը ներշնչուած հետեւեալ արտայայտութիւնը. «Համառօտութիւնը գիշերազգեստներու ոգին է»:
Գիրքին մէջ տեղ գտած են նաեւ անգլիացի թատերագիր Նոէլ Քաուըրտծի եւ ամերիկացի դերասան Մէյ Ուեսթցի, ինչպէս նաեւ` Ուինսթըն Չըրչիլի եւ Պենճըմին Տիզրէյլիի նման քաղաքագէտներու սրամտութիւնները:
Մարկրեթ Թաչըրէն եւս կատարուած են շարք մը մէջբերումներ: Վերջերս մահացած «Երկաթեայ կինը» նոյնիսկ հաւանական բացատրութիւն մը կ՛ընձեռէ գիրքին մէջ սակաւաթիւ կիներու ներկայութեան.
«Եթէ կ՛ուզէք բան մը ըսել տալ, դիմեցէք տղամարդու մը: Եթէ կ՛ուզէք բան մը ընել տալ, դիմեցէք կնոջ մը»: