Արուեստի Աշխարհէն. Գրադարանները Փակելը Կը Նմանի «Պատուաստումի Ծրագիրները Դադրեցնելու»
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՎԱՃԱՌՔ ԱՐՁԱՆԱԳՐԱԾ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՀԵՂԻՆԱԿ ՆԻԼ ԿԷՅՄԸՆԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆ, «ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՎԱՏ ԳԻՐՔ ՉԿԱՅ»: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» Կ՛ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՅ ՎԵՐՋԵՐՍ ԳՐԱԳԷՏԻՆ ԱՐՏԱՍԱՆԱԾ ՄԷԿ ՃԱՌԻՆ, ՈՐՈՒՆ ՄԷՋ ԱՆ Կ՛ԸՆԴԳԾԷ ԳԻՐՔ ԿԱՐԴԱԼՈՒ ԱՌԱՒԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՒ ՉԿԱՐԴԱԼՈՒ ՎՏԱՆԳՆԵՐԸ:
Անգլիացի գրագէտ Նիլ Կէյմըն կարդալու եւ գրաճանաչութեան կարեւորութեան վերաբերող բուռն ճառի մը մէջ ըսած է, թէ գրադարանները փակելը կը նմանի մանուկներու համար «պատուաստումի ծրագիրները դադրեցնելու»:
«Տը սենտմեն էնտ ամերիքըն կատծ» գիրքին հեղինակը խօսած է պետութեան կողմէ խնայողութեան նպատակով գրադարանները փակելու որոշումի մը վտանգաւոր անդրադարձներուն մասին: Ան նշած է, թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ բանտերու ծրագիրներ մշակող մասնագէտներ նախ կ՛ուսումնասիրեն երկրին բնակչութեան գրաճանաչութեան համեմատութիւնները` նախատեսելու համար ապագային անհրաժեշտ բանտային խուցերուն թիւը:
Վերջերս Լոնտոնի Պարպիքըն կեդրոնին մէջ Ընթերցանութեան ընկերութեան կողմէ կազմակերպուած դասախօսութեան մը առիթով Կէյմըն խօսած է պետական, կրթական, գրական եւ գրադարաններու ներկայացուցիչներու դիմաց եւ անոնց բացատրած է գրադարաններու կարեւորութիւնը: «Որեւէ ժամանակէ աւելի պէտք ունինք անոնց», ըսած է ան` շեշտելով մանուկներուն համար երեւակայական պատմութիւններ կարդալու կարեւորութիւնը, զայն նկարագրելով իբրեւ «ամէնէն կարեւոր բաներէն մէկը, որ պէտք է ընել»: Ան ըսած է, թէ «մանուկներու համար վատ գիրք չկայ» եւ երեւակայական պատմութիւններու գրական սեռը ողջունած է իբրեւ մանուկները կարդալու մղող խթան մը:
Կէյմըն արժանացած է Նիւպըրի եւ Քառնըկի շքանշաններուն: Անոր գիրքերը ստացած են շարք մը մրցանակներ, ներառեալ` «Ուըրլտ ֆենթըզի» մրցանակը, որ կը շնորհուի երեւակայական գրականութեան սեռին պատկանող գործերու: Իր խօսքէն առաջ ան յայտնած է, որ թէեւ կը կարեկցի պիւտճէական սահմանափակումներ կատարելու պարտաւորութիւնը դիմագրաւող պետական նախարարութիւններուն եւ տեղական խորհուրդներուն, սակայն «շատ աւելի կը կարեկցի գիւղաւաններու, քաղաքներու եւ քաղաքամերձ շրջաններու բնակիչներուն, որոնք գրադարաններու փակումով պիտի զրկուին տեղեկութեան եւ գիտելիքներու աղբիւրներէ»: Այս ամառ «Տը լայպրըրի քըմփէյն» անունով գրադարաններու պաշտպան կազմակերպութիւն մը կը նախատեսէր, որ պիւտճէական սահմանափակումներու պատճառով մինչեւ 2016 Բրիտանիոյ տարածքին կրնան փակուիլ 400 գրադարաններ` 2009-էն ի վեր փակուած գրադարաններուն թիւը հասցնելով աւելի քան 1000-ի: «Ասիկա ապահովութիւն չի ներշնչեր: Վիճակագրութիւնները յստակ են,- կ՛ըսէ Կէյմըն:- Ասիկա համազօր է վերջ դնելու պատուաստումի ծրագիրներուն: Գիտե՛նք, թէ ինչ են արդիւնքները: Համաշխարհային մեր ուժը չկորսնցնելու, ինչպէս նաեւ պատասխանատուութեան եւ պարտաւորութիւններուն գիտակից գոհունակ ու գոհացնող քաղաքացիներ ունենալու համար կարիքը ունինք գրաճանաչ մանուկներու եւ չափահասներու»:
Կէյմընի արտասանած ճառէն մէկ օր առաջ Տնտեսական գործակցութեան եւ բարգաւաճումի կազմակերպութեան (Օ. Ի. Սի. Տի.) հրապարակած գրաճանաչութեան համեմատութիւնները ի յայտ կը բերէին, թէ Անգլիոյ պատանիները կը գրաւեն 22-րդ դիրք` եւրոպական եւ ասիական 24 երկիրներու ցուցակի մը մէջ: Կէյմըն պատմած է բանտեր կառուցելու նիւթով դասախօսութեան մը մասին, որուն ներկայ եղած է Նիւ Եորքի մէջ, եւ ուր խօսուած է, թէ ինչպէ՛ս կ՛որոշուէր մինչեւ 15 տարի Միացեալ Նահանգներու անհրաժեշտ բանտի խուցերուն թիւը: «Անոնք շատ դիւրութեամբ նախատեսութիւններ կը կատարէին` հիմնուելով պարզ հանրահաշիւներու վրայ եւ արձանագրելով, թէ 10 -11 տարեկան մանուկներուն քանի՛ առ հարիւրը չէր կարդար եւ վստահաբար ծանօթ չէր կարդալու հաճոյքին,- կ՛ըսէ Կէյմըն:- Պատճառները յստակ են. եթէ գրաճանաչ չես, շատ դժուար է շաղուիլ ընկերութեան հետ, նշաններ կարդալ կամ գործի դիմել: Գրաճանաչութիւնը եւ հաճոյքի համար երեւակայական պատմութիւններ կարդալու կարողութիւնը նաեւ կը ստեղծեն կարեկցանքի զգացում»:
Ակնարկելով գրական որոշ սեռեր կամ հեղինակի մը որոշ գործերը «վատ գիրքեր» որակելու տրամադրութեան, Կէյմըն կ՛ըսէ. «Ասիկա ձեւակերպութիւն է, մեծամտութիւն է եւ յիմարութիւն», եւ կ՛աւելցնէ, թէ նոյնիսկ «վատ» որակուած գիրքեր կարդալը «կրնայ առաջնորդել աւելի լաւ գիրքեր կարդալու»:

