Հայրենադարձներու Բռնաճնշումները Ստալինեան Ժամանակաշրջանին (Հեղինակ` Արմինէ Կարապետեան-Գունտաքճեան) (The Pepression Of Armenian Repatriates During The Stalin Era)

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

2012-ին, Երեւան «Լուսաբաց» հրատարակչատան տպարանէն լոյս տեսած է Արմինէ Կարապետեան-Գունտաքճեանի «Հայրենադարձներու բռնաճնշումները ստալինեան ժամանակաշրջանին» խորագրեալ հատորը, որ նախապէս գրուած է հայերէնով եւ թարգմանուած` անգլերէնի:

Սոյն գիրքը գիտական ուսումնասիրութիւն մըն է, որուն նիւթը քաղուած է Հայաստանի Ազգային դիւանատունէն: Ան կը պարունակէ բաժին մը այն պատմական վաւերաթուղթերէն, որոնք կը վերաբերին այն 42,000 հայերուն, որոնք բռնաճնշուեցան եւ նահատակուեցան 1920-1953 թուականներուն: Սոյն տառապանքէն եւ ջարդերէն վերապրողներու յիշատակները եւս կը գտնուին վերոյիշեալ հատորին մէջ:

Սոյն գործը կը բաղկանայ 356 էջերէ եւ կ՛ընդգրկէ հինգ գլխաւոր բաժիններ:

Արմինէ Գունտաքճեան ծնած է Իրան: Ան հետեւած է Քիմիաբանութեան եւ մասնագիտացած յիշեալ ճիւղին մէջ ստանալով մագիստրոս տիտղոսը: Արմինէ երկար տարիներ դասաւանդած է քիմիաբանութիւն: Ան գործնապէս մասնակցած է եւ անդամ մըն է բազմաթիւ հայ քաղաքական եւ մշակութային կազմակերպութիւններու, սփիւռքի մէջ: Ան կ՛անդամակցի կարգ մը ամերիկեան գիտական եւ հանրային կազմակերպութիւններու: Հայաստանի անկախութենէն 1991-էն ի վեր, Արմինէ կ՛ապրի տարին քանի մը ամիս Հայաստանի իր տան մէջ: Ան չափազանց հետաքրքրուած է հայկական ուսումնասիրութիւններով եւ հետազօտութեամբ, ինչպէս նաեւ` այն բոլոր արգասիքներով, որոնք կը վերաբերին Հայաստանի եւ հայերուն:

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն, գիտական ժողովի նախագահ, բանաստեղծ եւ պատմաբան Սասուն Գրիգորեան կու տայ շահեկան ծանօթութիւններ Արմինէ Կարապետեան-Գունտաքճեանին մասին: Ան կը հաստատէ այն իրողութիւնը, թէ Արմինէ քաջածանօթ է Խորհրդային Հայաստանի քաղաքական, տնտեսական, գիտական եւ մանկավարժական յառաջդիմութեան 1920-1990 եւ կը դասախօսէ սփիւռքահայերու կրած բռնաճնշումներուն մասին:

Սասուն Գրիգորեան կը պարզէ այն դառն ճշմարտութիւնը, թէ ինչպէ՛ս խորհրդային քաղաքական ղեկավարները Սիպերիա աքսորեցին Զապէլ Եսայեանն ու Ակսէլ Բակունցը, Եղիշէ Չարենցն ու Գուրգէն Մահարին, Վահրամ Ալազանն ու Վաղարշակ Նորենցը եւ այլ բազմաթիւ հայրենի գրողներ, որոնցմէ շատեր զոհ գացին մահուան եաթաղանին:

Արմինէ Կարապետեան-Գունտաքճեան հատորին նախաբանին մէջ յայտնելով թէ ի՛նչ պայմաններու տակ գրի առած է ներկայ գիրքի դրդապատճառները, կ՛ըսէ, թէ օգտագործելով Արմենակ Մանուկեանի «Քաղաքական բռնաճնշումները Հայաստանի մէջ, 1920-1953» խորագրեալ հատորը, Երեւան, 1999, էջ 231, կը ներկայացնէ այն պայմանները, որոնք դրդապատճառը հանդիսացան իր գործին հրատարակութեան:

Արմինէ Կարապետեան-Գունտաքճեան կը ձեռնարկէ իր ուսումնասիրական աշխատանքին` օգտուելով Յովհաննէս Քաջազնունիի, Կարօ Սասունիի, Սիմոն Վրացեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան այլ ղեկավարներու վաւերական գործերէն, որոնք կը վերաբերին ստալինեան այն բռնաճնշումներուն, որ կատարուեցան հայ ժողովուրդի դէմ 1920-էն սկսեալ: Հայութեան դէմ եղած չարչարանքները իրագործուեցան երկու հիմնական հանգրուաններով. առաջինը` 1921-1936 թուականներուն, իսկ երկրորդը` 1946-1948 շրջանին, երբ Ստալին խեղաթիւրեց Հայաստանի բնական սահմանները, եւ երբ մեծ բազմութեամբ հայեր սփիւռքի այլազան երկիրներէն Հայաստան վերադարձան: Արմինէ Գունտաքճեան կ՛ըսէ, թէ 1920-1980 ընդհամէնը 200,000 հայեր արտասահմանէն վերադարձան Հայաստան:

Արմինէ Կարապետեան-Գունտաքճեան հատորին յաջորդական բաժիններով հանգամանօրէն ցոյց կու տայ, թէ 1946-ին ի՛նչ պայմաններու տակ կազմակերպուեցաւ հայերու վերադարձը դէպի Հայաստան:

1945 թուի մայիսի 28-ին, Համօ Օհանջանեան, Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին վարչապետը, կը դիմէ Ստալինին, Թրումանին եւ Չըրչըլին, որ հայութեան վերադարձնեն հայոց պատմական հողերը:

Արմինէ Գունտաքճեան կ՛ըսէ, թէ Սորպոնի, Պերլինի, եւ Զուիցերիոյ համալսարանները աւարտած հետեւեալ գիտնականները զոհ գացած են ստալինեան բռնարարքներու. Հրաչեայ Յակոբի Աճառեան (լեզուագէտ), Թադէոս Հայրապետի Աւդալբէկեան (հայագէտ, թարգմանիչ եւ գիտնական), Սեդրակ Գէորգի Բարխուդարեան (պատմաբան հնագէտ): Չարչարանքի ենթարկուած են հետեւեալ գրական դէմքերը. Եղիշէ Չարենց (բանաստեղծ), Գուրգէն Մահարի (Աճեմեան) (գրագէտ), Զապէլ Եսայեան (գրագիտուհի), Վահան Թոթովենց (բանաստեղծ, պատմաբան, իմաստասէր), Լեռ Կամսար (երգիծաբան), Մկրտիչ Խերանեան (բանաստեղծ, արձակագիր եւ թարգմանիչ), Վաղարշակ Նորենց (գրագէտ): Բռնարարքի ենթարկուած են արուեստագէտներ` Տիգրան Դաւթեան (նկարիչ, քանդակագործ), Վաչիկ Հասրաթեան (երաժիշտ), Յակոբ Յարութիւնեան (գիտնական եւ արուեստի քննադատ): Տառապած են հետեւեալ բժիշկները. Յարութիւն Բաղդասարեան, Համբարձում Թագւորեան, Աբրահամ Յակոբեան (ատամնաբուժ), Վալանթինա Ներսիսեան (գիտնական-բժիշկ): Տանջանքի ենթարկուած են կրթական մշակներ եւ վարժարանի տնօրէններ, զինուորական անձնակազմեր, իրաւաբաններ, երկրաչափներ, քաղաքական դէմքեր, երաժիշտներ, բռնաբարուած եկեղեցականներ, ազնուափայլ տիկիններ, ինչպէս նաեւ` բռնադատուած գեղջուկներ, աշխատաւորներ եւ գործաւորներ:

Արդարեւ, պէտք է ըսել, որ Արմինէ Կարապետեան-Գունտաքճեանի վերոյիշեալ գիրքը արժանի է մեր անվերապահ գնահատանքին, տրուած ըլլալով, որ հայերէն եւ անգլերէն լոյս տեսած սոյն հրատարակութիւնը կը ծանօթացնէ օտար ազգերուն դար մը ամբողջ ստալինեան բռնաճնշումներուն ենթարկուած հայ ժողովուրդի արիւնալի տառապանքը…

Սեպտեմբեր 2013
Պէյրութ

Share this Article
CATEGORIES