Վերամուտ

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Վերամուտ է: Դպրոցական նոր տարեշրջան: Տասնհինգ տարիներ ունեցանք նոյնանման վերամուտեր, բայց այս տարուան վերամուտը մեզի տուաւ թէ՛ ուրախութիւն եւ թէ՛ յուզում:

Տղաս արդէն աւարտած է երկրորդական վարժարանը, ընդունուած է Քալիֆորնիոյ լաւագոյն համալսարաններէն մէկը: Համալսարանը մեր տունէն մօտ երկու ժամ հեռու է: Ամէն օր երթալ-գալը անկարելի է, մանաւանդ` Լոս Անճելըսի խճողուած մայրուղիներով : Գիշերօթիկ պիտի դառնայ: Տունէն բնաւ չէ բացակայած: Վերջացան մանկութեան եւ պատանեկութեան անհոգ օրերը: Ամբողջ կեանքը անցուցած է հայկական վարժարանի մէջ, տունէն 10 վայրկեան միայն հեռու, շրջապատուած` հայ աշակերտներով, մեծամասնութեամբ հայ ուսուցիչներով:  Մինչեւ անցեալ տարի, երբ տակաւին քշելու չէր սկսած, դպրոց հասցնող, անկողինը շտկող, ճաշը պատրաստող, ամէն բանի հոգ տանող , գուրգուրոտ ծնողներու յարկին տակ կ՛ապրէր: Վերջացան այդ օրերը: Ամէն ինչ ինքն իր ձեռքով պիտի ընէ: Տարիները այնքան շուտ անցան: Կարծէք երէկ էր, երբ առաջին անգամ մայրը զինք տարաւ մանկամսուր, ապա` մանկապարտէզ` գուրգուրացող հայ ուսուցիչներով շրջապատուած: Տարիները սահեցան, անցաւ նախակրթարան, ապա միջնակարգ եւ վերջապէս` երկրորդական:

Բեմին վրայ է: Հպարտութեամբ կը դիտեմ զինք վկայականներու բաշխման ժամանակ: Ծնողի մը համար կա՞յ աւելի մեծ հաճոյք, քան` տեսնել իր զաւակը բեմին վրայ, վկայականը հպարտ բռնած եւ գիտութեամբ զինուած` սկսելու կեանքի իսկական ճակատամարտը համալսարանական կեանքին մէջ:

Հոն` համալսարանը բոլորովին տարբեր է: Հաւանաբար պատահմամբ միայն հայու մը հանդիպի: Մէկ դասարանէն յաջորդին երթալը առնուազն կէս ժամ պիտի տեւէ, եթէ արագ շարժի: Դանդաղելու պարագային արդէն ուշ է. դասարանին դռները կը փակուին, եւ դասախօսը հրաման պիտի չտայ, որ ներս մտնէ: Առտուները, երբ արթննայ, ինք իր անկողինը պիտի շտկէ: Նախաճաշի համար արագ պիտի վազէ համալսարանի ճաշարանը: Հսկայ պոչ մը կայ արդէն: Ամէն տարի հազարաւոր շրջանաւարտներ տունը ձգելով` կը փոխադրուին համալսարաններ, իսկ ես, անտեղեակ, նոյնիսկ չէի մտածեր, թէ անոնց ծնողները, ուրախութեան կողքին, ի՜նչ ապրումներ կ՛ունենային:

Կը հասնինք համալսարան: Աննկարագրելի խճողում: Առաջին տարուան նոր ուսանողներ իրենց ծնողներուն օգնութեամբ ինքնաշարժներէն կը պարպեն իրենց նոր «բնակարանի» կենսական առարկաները: Ամէն մարդ շուարած է: Համալսարան չէ, հսկայ քաղաք մըն է, անծայրածիր: Սպասողներու երկար շարք մը կայ: Կարգը տղուս է: Կը ստանայ սենեակի բանալին եւ հետը փոքրիկ քարտէս մը, որ ցոյց կու տայ սենեակին վայրն ու ուղղութիւնը: Երկու հոգինոց փոքրիկ սենեակ մըն է: Սենեկակից ընտրած է, բարեբախտաբար, ծանօթ հայ ուսանող մը: Երկուքին ալ ծնողներուն մտքերը ձեւով մը հանգիստ են: Առանձին չեն. հայ են, իրարու օգտակար կրնան ըլլալ : Բոլորս գործի վրայ ենք եւ կարճ ժամանակ ետք սենեակը պատրաստ է: Բաժանումի պահն է: Կ՛ողջագուրուինք տղուս հետ: Կինս դէմքը կը դարձնէ: Չ՛ուզեր, որ տղան իր արցունքները տեսնէ: Կը վերադառնանք տուն առանձին: Տունէն ճամբայ ելանք երեքով, իսկ հիմա կը վերադառնանք երկուքով: Օրը կիրակի է, ճամբաները բաց են, խճողում չկայ: Ակնկալուած ժամէն կանուխ կը հասնինք տուն: Տունը դատարկ կը թուի: Չեմ համարձակիր իր սենեակը մտնել: Նստասենեակին մէջ աչքիս կը զարնէ իր նկարը` երկրորդական վարժարանի վկայականի տարազով: Կարծես նկարէն դուրս պիտի ելլէ: Սենեակին մէջ է, մեզի հետ նստած` ամերիկեան ֆութպոլ կը դիտենք: Բնաւ չեմ սիրեր այդ  խաղը, ոչ ալ կը հասկնամ: Քանի մը բառ թութակի պէս գոց սորված եմ: «Թաչ տաուն», «Ֆլեկ», «Քորթեր պեք»: Իրեն գոհ պահելու համար քովը նստած` ժամերով «կը վայելենք» ինծի համար անհասկնալի  այդ խաղը: Երբեմն` «տեսա՞ր պապ». բան չտեսայ, սակայն ինքը կ՛ապրի խաղին հետ: Ստե՞մ, տեսա՞յ ըսեմ: Չեմ կրնար: Պարզապէս կը ժպտիմ: Թող կարծէ, թէ տեսայ ինչպէս գնդակը փախցնելով` վազեց արագ: Իմ խիղճս հանգիստ է. չստեցի իրեն: Յանկարծ կ՛անդրադառնամ, որ ինք մեզի հետ չէ: Կարծես պարտականութեան համար հեռատեսիլը բաց է: Կը նայինք, սակայն բան չենք տեսներ, ոչ ալ կը լսենք: Նոյնիսկ տեղեակ չենք թէ ի՛նչ լեզու կը խօսին: Այս հսկայ խառնարան երկրին հեռատեսիլէն ամէն լեզուով յայտագիրներ կրնաս դիտել: Հայկական կայանը դարձնելու սիրտ չունինք: «Վաղը առտու կանուխ գործի պիտի երթամ» պատճառաբանելով` կ՛ուղղուիմ ննջասենեակ: Ընդհանրապէս շուտ քունի կ՛անցնիմ, սակայն այդ գիշեր անկողնիս մէջ անդադար մէկ կողմէն միւսը կը դառնամ: Աչքերս չեն գոցուիր: Լուսնալու մօտ է: Զարթուցիչիս ձայնը կը լսեմ: Կը զարմանամ, որ քնացեր եմ: Կը ցատկեմ անկողնէս դուրս:

Սովորութիւն դարձած է, տունը չձգած` անպայման իր սենեակը աչք մը նետել: Երեխայ եղած ժամանակ ճակատէն նոյնիսկ համբոյր մը կը գողնայի, սակայն մեծնալէն ետք կը գոհանամ դրան ծայրէն դիտելով եւ երթալով գործի: Սովորութեանս համաձայն, այս առտու ալ սենեակի մուտքին կը կենամ ու կը դիտեմ իր անկողինը: Իր նկարները հոն են, ինքը` բացակայ: Ինքզինքս դուրս կը նետեմ տունէն: Հասած եմ գործատեղիս: Գրասեղանիս վրայ իր երկու նկարները դրած եմ` մանկապարտէզի եւ երկրորդականի վկայականներով. սակայն այսօր այդ նկարներուն քով կը տեսնեմ երրորդ մը, համալսարանի վկայականով: Աչքերս կը շփեմ, դարձեալ կը դիտեմ: Երկուքին մէջ ալ կը տեսնեմ իր անմեղ եւ անուշ ժպիտը: Առաջինը մանկական, իսկ երկրորդը` հասուն երիտասարդ, ինքնավստահ, պատրաստ` նետուելու կեանքի դժուար ճակատամարտին: Կը սկսիմ խորհրդածել: Անկախ ծնողական բազմաթիւ մտահոգութիւններէն, հայ ծնողները ունին ուրիշ շատ կարեւոր մտահոգութիւն մը, երբ զաւակները խելահաս եւ անկախ  կը դառնան: Ազգային գիտակցութեան եւ հայապահպանման լուրջ հարցը, համալսարանի մէջ շրջապատուած պիտի ըլլան  տարբեր ազգի ուսանողներով, ուր մատի վրայ կը համրուին հայերը:  Խօսքս կ՛ուղղեմ ոչ միայն տղուս, այլ` բոլոր հայ ուսանողներուն, որ հպարտ զգան իրենց ազգութեամբ, գուրգուրան ու պահեն հայ լեզուն, մեր մշակոյթը եւ հայկական աւանդութիւնները: Եւ Յովհաննէս Թումանեանի խօսքերը փոխելով` կ՛ըսեմ,

«Ապրէ՛ք երեխէք, բայց մե՛զ պէս ապրէք»:

Լոս Անճելըս 2013

 

Share this Article
CATEGORIES