Այնճարի Կաթողիկէ Հայ Քոյրերու Վերանորոգուած Վարժարանի Բացման Հանդիսութիւն

 

 

 

 

 

 

 

Երկուշաբթի, 22 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, տեղի ունեցաւ Այնճարի Հայ Քոյրերու վերանորոգուած վարժարանի բացումը: Վարժարանը վերանորոգուած եւ կահաւորուած է արդիական սարքաւորումներով` Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպանատան եւ Ճափոնի ժողովուրդին նիւթական աջակցութեամբ:

Հանդիսութեան ներկայ էին Ճափոնի դեսպանը` Սեյշի Օցուքա, Ալիշան քհնյ. Աբարդեան, Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Աբրահամ Մալքճեան, Ազգային Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանի եւ Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի տնօրէնները, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ գիւղի թաղապետները:

ՀՄԸՄ Այնճարի փողերախումբին առաջնորդութեամբ դեսպանը մուտք գործեց վարժարան եւ աւանդական աղ ու հացով դիմաւորուեցաւ վարժարանի աշակերտութեան, ծնողներուն եւ հայրենակիցներուն կողմէ:

 

 

 

 

 

 

 

 

Հանդիսութիւնը ընթացք առաւ Լիբանանի, Ճափոնի եւ Հայաստանի քայլերգներով կատարողութեամբ ՀՄԸՄ Այնճարի փողերախումբին:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանի տնօրէնուհի` քոյր Թէոպիստէ-Մարի Պետրոսեան, որ մեծապէս շնորհակալութիւն յայտնեց Ճափոնի դեսպանատան եւ ժողովուրդին` իրենց բարեսիրական ծառայութեան համար:

Ան իր խօսքին մէջ յիշեց, թէ վարժարանը եղած է գիւղին առաջին դպրոցը, ուր յաճախած են գաղթականութենէն նոր ժամանած մեր գիւղի զաւակները` ստանալով հայեցի, քրիստոնէական եւ կրթական դաստիարակութիւն:

Ան ջերմօրէն գնահատեց Ճափոնի դեսպանին ունեցած ներդրումը վարժարանի վերանորոգման աշխատանքներուն մէջ:

Վարժարանի աշակերտութեան խօսքը փոխանցեց 9-րդ դասարանի աշակերտ Արեգ Գէորգեանը, որ նմանապէս շնորհակալական խօսք ուղղեց ճափոնի դեսպանին:

Ապա խօսք առաւ դեսպան Սէյշի Օցուքան: Ան աշակերտներուն ուղղելով իր պատգամը` շեշտեց ուսման կենսական դերին ու կարեւորութեան ներկայ արհեստագիտական դարուն,  ըսելով. «Ուսումը զօրութիւն է  եւ յաջողութեան բանալի»: Ան քաջալերեց աշակերտները շարունակելու իրենց ուսումը` հասնելու համար բարձրագոյն ոլորտներու:

Դեսպանը նաեւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց հայ ժողովուրդին եւ մասնաւորապէս լիբանանահայութեան, որոնք իրենց ցաւը յայտնեցին 3 տարի առաջ Ճափոնի մէջ պատահած աղէտին:

Ազգային Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանի աշակերտուհիները ներկայացուցին հայկական պար մը, որմէ ետք վարժարանի տնօրէնուհին հայկական ասեղնագործ մը եւ հայկական շիշ մը քոնիաք նուիրեց դեսպանին` որպէս յուշանուէր:

Տեղի ունեցաւ նաեւ կարկանդակի հատում, դեսպանին, քաղաքապետին եւ տնօրէնուհիին ձեռամբ:

Դեսպանը եւ իր ընկերակիցները շրջեցան դասարաններն ու յարակից մասերը, ապա ան իր սրտի խօսքը արձանագրեց վարժարանի յուշամատեանին մէջ` մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ եւ յարատեւ վերելք վարժարանին եւ գիւղին. ան յայտնեց, թէ Ճափոնի ժողովուրդը միշտ պատրաստ է թիկունք կանգնելու  եւ ծառայելու ժողովուրդներու բարելաւման ու զարգացման:

Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )