Փակման Խօսք, Պահպանիչ Եւ Այդ Տեսակ Բաներ
Աշնան Կեդրոնականցի Արմենակին հետ Նիւ Եորք էինք: Կիրակի էր: Եկեղեցիի մուտքին զիս կը սպասէր, Էլպիսը արդէն ներս ղրկած էր:
Գացինք հանդիպակաց մայթին վրայ գտնուող յունական սրճարանը: Ան իր կիրակնօրեայ որսորդի մախաղին մէջ անպայման բան մը կ՛ունենայ:
Սրճարանը դատարկ էր:
– Այսօր կ՛երեւի, թէ հոգեհանգիստ չկայ,- ըսաւ Արմենակ:
Սպասարկող մեքսիքացի աղջիկը մեր սուրճը բերաւ:
– Մակա՛ր, սիրելիս, ուրբաթ գրական երեկոյի մը ներկայ եղայ: Քու ճանչցած Բերկրուհիդ, ինքզինք եւ հայկական վարժարան յաճախած ըլլալը յիշեցնելու համար, գրաբարեան աշխարհաբարով խօսեցաւ: Որո՞ւ մասին կը խօսէր, չէի հասկնար: Հիացում կը փնտռէր: Բաներ մը ըսելէ ետք կանգ կ՛առնէր եւ սրահը կը չափէր իր նայուածքով:
– Չսորվեցա՞ր, երբ ամէն բան չես հասկնար, այդ կը նշանակէ, որ խորիմաստ բաներ կ՛ըսուին,- ըսի իմ կարգիս:
– Չեմ գիտեր` որքան տեւեց Բերկրուհիին ինքնահիացական եւ «թուքով կպցրած բառերու շարանը, ուր բանաստեղծի հաշուոյն լսեցինք ցեղասպանութիւն, անկախութիւն, Մաշտոց, Ալիշան, Աբովեան: Չհասկցայ, թէ ճշգրիտ ո՞ր հեղինակին մասին լսելու եկած էինք:
– Արմենա՛կ, մոռցիր Կեդրոնականի օրերդ: Ժամանակները փոխուած են: Հիմա ըսուածի ետին չըսուածը դուն պիտի գտնես, որ հոգիով եւ միտքով մասնակից ըլլաս:
– Այդպէս ալ ըրաւ գրական արտակարգ երեկոյին ներկայ կղերականը իր «պահպանիչ փակման խօսք»ով: Շունչ մը քաշած էի` խորհելով, որ քանի մը վայրկեանէն ամէն բան կ՛աւարտի եւ տուն կ՛երթանք: Բայց այդ «փակման խօսք»-ը Բերկրուհիին անձին եւ ըսածին մասին գրականագիտական եւ խորիմաստ վերլուծում մը եղաւ, եւ սկսայ սարսափիլ, որ աթոռին վրայ պիտի լուսցնէինք:
– Լաւ է, մէկ քարով երկու թռչուն զարկեր ես, երկու դասախօսութիւն մէկ երեկոյի ընթացքին,- ըսի գրգռելու համար Արմենակը, որ անոր պէտք չունէր:
– Կը կատակես, բայց նոյնիսկ քնացողները,- որոնք հիպնոսացած վիճակի մէջ ամէն բան իւրացուցած ըլլալու էին,- հիւրասիրութեան ընթացքին, որ ի դէպ երեկոյի ամէնէն հետաքրքրական մասն էր, թափեցան Բերկրուհիին եւ եկեղեցականին վրայ, կ՛ըսէին, թէ նման գրական երեկոյի երբեք ներկայ չէին եղած, կը հարցնէին, թէ ո՞ւր պիտի տպուէին ըսուածները® Ալ ուշ պիտի երթամ ձեռնարկներու, փակման խօսքով եւ հիւրասիրութեամբ պիտի լիանամ:
– Ուրեմն բան սորվեցար, այդ շահ է արդէն:
– Դուն կրնաս խնդալ, բայց թերթին մէջ լոյս տեսած մանկապարտէզի հանդէսներու նկարագրութենէն թէեւ քիչ մը կարճ երկարապատում թղթակցութիւնը եթէ կարդաս, պիտի համոզուիս, որ այդ երեկոն նախանձը պիտի շարժէր աշխարհի ակադեմիաներուն:
– Արմենակ, դուն որ ներկայ կ՛ըլլաս ձեռնարկներու, առաջարկէ, որ դասախօսութենէն մէկ ժամ ետք, երբ մարդիկ տուն հասած կ՛ըլլան եւ անկողին մտած, «փակման խօսք»-ը բջիջայինով հասնի իւրաքանչիւրին, որպէս քնաբեր դեղ:
Արմենակ Յակոբ Պարոնեան կարդացած է: Ըսաւ.
– Եթէ ըսածդ հակառակ արդիւնքը տայ, եւ` անքնութիւնը ընտանեկան կագ ու կռիւի դուռ բանայ, ի՞նչ կ՛ըլլայ ազգին վիճակը®
Մակար, 2 Հոկտեմբեր 2013
Դիտելով ՄԱԿ-ի երկնամերձ աշտարակը