Կարէն Առուշանեան

ՇՈՂԵՐ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ

«Իր ընտիր մեռելների պաշտամունքը չունեցող ժողովուրդը` ապերախտ ու բարբարոս, անարժան է անկախ հայրենիքի, որը միշտ էլ նահատակների սրբազան աճիւնից կը բարձրանայ»:

ԳԱՐԵԳԻՆ ՆԺԴԵՀ

Զաւարեան ուսանողական միութեան կազմակերպած «Դէպի Երկիր» գործուղումներուն ծրագիրին մաս կը կազմէ նաեւ այցելութիւնը` տուած արցախեան ազատամարտիկի մը ընտանիքին պարագաներուն: Նախկին տարիներուն գործուղուողները այցելած են Կարօտ Մկրտչեանի եւ Վարդան Տուշմանի ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ հանդիպում ունեցած Թաթուլ Կրպէեանի դստեր հետ: «Քաշաթաղը իմ տունն է – 2013» գործուղման աւարտին, ընկերները ուղուեցան Արցախի Քարինտակ գիւղի ազատամարտիկ Կարէն Առուշանեանին բնակարանը:

Փորձենք հակիրճ ձեւով ներկայացնել Կարէն Առուշանեանին կենսագրականը ու անոր նուիրումը Քարինտակ գիւղին. բան մը, որ  դժբախտաբար լուսարձակներէ հեռու մնացած է: Ազատամարտիկին կենսագրական գիծերը պատրաստուեցան շնորհիւ իր ընտանիքին հետ գործուղուողներուն հանդիպումին եւ ելեկտրոնային կապին` իր դստեր հետ:

Կարէն (Կարօ) Առուշանեան ծնած է Քարինտակ գիւղը, 1964 թուականին: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Քարինտակ գիւղը, Շուշի քաղաքէն 6 քմ. հեռու կը գտնուի` Կարկառ գետի ձախ ափին, ծովու մակերեւոյթէն 1400 մ. բարձրութեան վրայ: Ան իրապէս քարին տակ է եւ քարերուն մէջ:

Ծնած տարին իսկ ծնողներուն հետ կը տեղափոխուի Երեւան: Հոն կը յաճախէ թիւ 154 դպրոցը, որմէ ետք կ՛ընդունուի թիւ 20 արհեստագիտական ուսումնարան եւ կ՛աւարտէ 1983-ին: Նոյն տարուան ընթացքին կ՛ամուսնանայ եւ ապագային կը դառնայ հայր` 4 դուստերու: Մինչեւ 1988 թուական Կարէնը կ՛աշխատի Երեւանի զանազան հաստատութիւններուն մէջ տարբեր մասնագիտութիւններով: 1988-ի գարնան, ան անձնական օժանդակութիւն կը հայթայթէ Ազատութեան հրապարակը գտնուող գործադուլ եւ հացադուլ յայտարարող քաղաքացիներուն. «Մամա՛, տունի ուտելիքը տո՛ւր, տանեմ տղոց, նստացոյց անողներին…», կը յիշէ Կարոյի մայրը:

Կարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին Կարէնը կը յաջողի կապ հաստատել Երեւան բնակող քարինտակեցիներուն եւ Քարինտակի գիւղացիներուն միջեւ: Բազմիցս կեանքը կը վտանգէ, որպէսզի զինամթերք եւ սննթամթերք փոխադրէ գիւղ: «Երեւանէն հաց իսկ անգամ ուղարկում էր», կ՛ըսէ մայրը: Արդարեւ, թուրքերը քանի մը անգամ կը ձերբակալեն զինք Ստեփանակերտի օդակայանին եւ Շուշիի մէջ: Սակայն Կարէնը իր ճարպիկութեան եւ հմտութեան շնորհիւ կը յաջողի փախուստ տալ:

Ան կը մասնակցի Բերդաձորի կռիւներուն: Բերդաձորի վիրաւորուած հայ ազատամարտիկները կը բուժուէին Ստեփանակերտի հիւանդանոցին մէջ ռուս զինուորներու հսկողութեան տակ: Անոնք, կազդուրուելէ ետք, պիտի յանձնուէին թուրքերուն: Կարէնը իր հօրեղբօր` Վաղարշակ Առուշանեանի հետ հիւանդանոցէն կը փախցնէ վիրաւոր ազատամարտիկները ու կը փոխադրէ զանոնք Չանաղճի գիւղը, ուր երեք օր մնալէ ետք կը տեղափոխուին Երեւան:

Կարէնը կը վերադառնայ Քարինտակ իր հօր ինքնաշարժով: Մայրը եւ քոյրը կը պատմեն, որ ան անջատած էր ինքնաշարժին ճամբուն երկարութիւնը չափող գործիքը, որպէսզի ոչ ոք իմանայ, թէ որքա՛ն կը քշէր: Տեսնելով գիւղին խեղճ վիճակը, կ՛որոշէ օգնել գիւղացիներուն. կը դիմէ Երեւանի զանազան հաստատութիւններու, որոնք կ՛ընդառաջեն եւ կ՛ուղարկեն շինանիւթեր: Քարինտակին դպրոցը, ակումբն ու մանկապարտէզը կը նորոգուին: Առաւել, ան գիւղին ինքնապաշտպանութեան համար ինքնաշարժ մը կը ճարէ:

26 Յունուար 1992-ին, ազերիները, ղեկավարութեամբ պաշտպանութեան նախարար Թ. Մեհտիեւի, կը շրջապատեն Քարինտակը եւ կը փակեն Շուշի տանող միակ ճանապարհը: Անոնք որոշած էին հայաթափել Քարինտակը, որովհետեւ Քարինտակին գրաւումով պիտի կարենային կիսել Արցախը, մտնել Ստեփանակերտ եւ ծրագրել այլ նուաճումներու: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի պատգամաւոր Վաղարշակ Առուշանեանի ջոկատը կռիւ կը մղէ բազմապատիկ թիւով հակառակորդին դէմ: Ինքնապաշտպանական հերոսամարտը կը տեւէ շուրջ 12 ժամ: Քարինտակեցիները կը կասեցնեն ազերիները, որոնք կը ձախողին թափանցել գիւղը: Անոնք այնքան մեծ կորուստներ եւ զոհեր կու տան, որ Քարինտակը կ՛անուանեն «Արիւնոտ Ձոր»: Կռիւին վախճանին, յաղթանակէն անմիջապէս առաջ, «Մահ կամ Ազատութիւն» երդում տուած Կարէն Առուշանեանը կը զոհուի իր կարգ մը ընկերներուն եւ հօրեղբօր հետ:«Ինքը խրամատից չի եղել, առաջին դիրքում է եղել, քարերը շարել ա ու տակը պահուըտել… ուղղակի չհասցրեց տեսնել յաղթանակը… իրօք ծանրակշիռ էր, համեստ, խելացի ու նուիրուած բոլորին», կ՛ափսոսան մայրն ու քոյրը:

Քարինտակի հերոսամարտը կը նկատուի արցախեան ազատագրական պայքարի որպէս անկիւնադարձային սկիզբ. առաջին յաղթանակներէն մէկն է, որուն կը յաջորդեն Շուշիի եւ այլ տարածքներու ազատագրումները:

Այս յօդուածը չի նպատակադրեր ցոյց տալ, թէ Նժդեհի «մեռելներու պաշտամունք»-ի խօսքի իմաստը այս գրութեամբ կ՛իրականանայ, այլ` պարզապէս նահատակներու ճանաչողութիւնը «անկախ հայրենիք»-ի արժանի ժողովուրդի մը նուազագոյն պարտաւորութիւնն է:

 

 

Share this Article
CATEGORIES