Գործուղումէն Աւելի…

Ս. Թ.

Մեծ ոգեւորութեամբ եւ մեծ խանդավառութեամբ, 7 ընկերներով 28 յուլիսին ժամանեցինք Բերձոր: Այդ գիշեր հոն գիշերելէ ետք, յաջորդ օր բաժնուեցանք մեր խումբերուն, եւ ամէն խումբ գնաց իր ուղղութեամբ: Ես կը պատկանէի հարաւային Քաշաթաղ ուղղուող խումբին: Մեր աշխատանքը պիտի կայանար Տիգրանաւան եւ Սարատակ գիւղերուն մէջ: Բաւական երկար ճամբայ կտրելէ ետք տեղ հասանք,  եւ մեզի շատ լաւ ձեւով ընդունեց Տիգրանաւան գիւղի «Պետօ Ղեւոնդեան» անուան դպրոցի տնօրէնուհին: Բաւական մարդամօտ տիկինը մեզ հրաւիրեց իր տունը եւ առաջին վայրկեանէն իսկ կարգադրութիւններ ըրաւ, որ մենք գիւղին մէջ հաստատուինք: Եւ հետագային, ամբողջ երեք շաբաթ, մնացինք Տիգրանաւանի դպրոցին մէջ: Սկիզբէն արդէն մենք մեզ շատ լաւ մթնոլորտի մը մէջ զգացինք, եւ այնտեղի գիւղացիներու չափազանց ընտանեկան ընդունելութիւնը մեզի տարբեր ձեւի հանգստութիւն մը պատճառեց, եւ մեր յոգնութիւնը շուտով փարատեցաւ. ճիշդ է որ մենք մեր տուներէն հեռու կը գտնուէինք, սակայն գիւղացիներուն այդ մօտեցումը մեր վրայ դրական ձեւով ազդեց, եւ մենք մեզ մեր տան մէջ զգացինք եւ մտածեցինք, որ ամէն ինչ հեզասահ պիտի ընթանայ: Բաւական լաւ տպաւորութեամբ, առաջին գիշերը անցուցինք Տիգրանաւանի գիւղապետին տունը եւ քնացանք այնտեղ:

Յաջորդ օր սկսանք մեր աշխատանքերուն: Արդէն բաւական ծանօթացանք երեխաներուն` այցելելով անոնց տուները, ծանօթացանք նաեւ գիւղի պայմաններուն,  եւ այդ կարճ ժամանակամիջոցին բաւական մտերմացանք իրարու հետ: Այս մտերմութիւնը օգնեց, որ 30 յուլիսին սկսած մեր աշխատանքը, որ կը ներառէր դաստիարակչական ծրագրի իրագործում, հայոց պատմութիւն, Դաշնակցութեան պատմութիւն, յեղափոխական երգեր եւ այլն, ինչպէս նաեւ` խաղեր, հեքիաթներ եւ հետագային հանդէսի պատրաստութիւններ, ընթանան հեզասահ մթնոլորտի մէջ: Երեխաները բաժնեցինք երկու խումբերու. պզտիկներու խումբ` 6-11 տարեկան եւ մեծերու խումբ` 11-16 տարեկան: Հոս պէտք է նշել, որ պզտիկներու խումբին մէջ կային 6 տարեկանէն վար երեխաներ, ինչպէս նաեւ` մեծերու խումբին մէջ 16 տարեկանէն աւելի տղաք եւ աղջիկներ:

Իբրեւ գործուղման նպատակ` մենք ի մտի ունէինք այնտեղի երեխաներուն հետ ամառնային ծրագիր մը կատարել եւ իրենց հետ լաւ ժանամակ անցընել: Չզարմացանք, երբ արդէն առաջին օրէն իրենց մէջ տեսանք ազգային խոր գիտակցութիւն եւ հպարտութիւն` իրենց ազգին հանդէպ: Որքան այցելեցինք գիւղացիներուն տուները, այնքան իրենց մէջ տեսանք ազգային ոգի եւ հողի հանդէպ մեծ կապուածութիւն եւ կառչածութիւն: Մեզի յաճախ կը հարցնէին, թէ Լիբանանի մէջ զինուորական ծառայութիւն կատարա՞ծ ենք, թէ՞ ոչ. եւ տրուած ըլլալով, որ հոս ծառայութիւնը պարտադիր չէ, չէինք կրնար փարատել իրենց զարմանքը այս հարցին հանդէպ, որովհետեւ Տիգրանաւանի տղաքը անխտիր կը ծառայէին բանակին մէջ, իսկ աղջիկներուն մեծ մասն ալ ռազմական գիտութիւն կ՛ուսանէր: Զինուորական ծառայութիւնը իրենց համար այնքան կարեւոր է, որ իրենք կը զարմանային, երբ կ՛ըսէինք, թէ չենք ծառայած. անոնք չկրցան դիւրին ձեւով ընկալել, թէ երկիր մը գոյութիւն ունի, ուր տղաքը բանակին մէջ չեն ծառայեր: Հոս պէտք է նշել, թէ Տիգրանաւանի գիւղապետին ընտանիքին հետ այցելեցինք իրենց զաւկին ծառայութեան վայրը, որ կը գտնուէր պարսկական սահմանին մօտ (Ճապրայէլ): Երբ հասանք այնտեղ, երեւոյթը շատ տպաւորիչ էր. տեսանք զինուորական կարգապահութիւն եւ Ստեփանակերտէն քննութեան եկած էին բանակատեղին: Շատ զգացական եւ յուզիչ էր տեսարանը, երբ զաւակը հանդիպեցաւ իր ընտանիքին: Եւ շփուելով գիւղի երիտասարդներուն հետ` զգացինք, որ բանակը իրենց համար շատ տպաւորիչ եւ կարեւոր բան մըն է, եւ իրենք որեւէ ձեւով չեն վախնար բանակին մէջ ծառայելէ, անկախ այն իրողութենէն, որ հոն ծառայութիւնը երկու տարի է: Եւ ճիշդ այդ ձեւի մտայնութիւնն է, որ այսօր Արցախը կանգուն պահած է եւ պիտի պահէ:

Ճիշդ է, որ մենք հոն գացինք այնտեղի մանուկներուն մեր գիտելիքները փոխանցելու եւ նոր բաներ սորվեցնելու, սակայն կը կարծեմ, որ մենք շատ աւելի բան սորվեցանք իրենցմէ եւ դեռ շատ ունինք սորվելիք: Տեսնելով այն իրականութիւնը, որ իրենք իրենց հողին կառչած կը մնան, անտեսելով բոլոր տեսակի դժուարութիւնները եւ կեանքի աննպաստ պայմանները, մեզի մտածել տուաւ, որ անոնք մէկական հերոսներ են: Ամենայն հպարտութեամբ եւ վստահութեամբ յաճախ կ՛ըսէին. «Եթէ դարձեալ պատերազմ լինի, մեր բանակը ոչ թէ միայն մեր հողն է պաշտպանելու, այլ այս անգամ մտնելու է Պաքու…»: Իրենց այս մտածումը մեր մէջ աւելի ամրապնդեց հայկական ոգին, սորվեցուց հաւատալ միայն մեր սեփական ուժերուն, եւ մենք այդ հողի ուժով կազդուրուած` վերադարձանք մեր տուները: Առաջին օրէն սկսեալ իրենց ցուցաբերած օգնութիւնը եւ գուրգուրանքը մեզի հանդէպ, ինծի սորվեցուց համեստ ըլլալ իմ կեանքիս ընթացքին, ինչպէս նաեւ սորվեցուց համբերել:  Իրենք եւ մենք կը հաւատանք «Էսօր Արցախ, վաղն էլ Վանը պիտի առնենք…» իտէալին, եւ այդ հաւատքով է որ մենք պիտի հասնինք մեր գերագոյն նպատակին` Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES