Մեր Խօսքը

9 յուլիս 2013-էն 16 օգոստոս 2013-ին տեղի ունեցաւ Զաւարեան ուսանողական միութեան «Քաշաթաղը իմ տունն է 2013» գործուղումը: Այս տարուան գործուղումը ներառեց երեք տարբեր շրջաններ: Հիւսիսային Քաշաթաղի Մոշաթաղ գիւղին մէջ կայացած գործուղումին մասնակցեցան Մոշաթաղի, ինչպէս նաեւ շրջակայ Միրիկ եւ Բերդիկ գիւղերու մօտ 60 երեխաներ: Հարաւային Քաշաթաղի մէջ տեղի ունեցան երկու գործուղում. Այգեհովիտի մէջ, որուն մասնակցեցան մօտ 30 երեխաներ, ինչպէս նաեւ Տիգրանաւանի մէջ, որուն մասնակցեցան մօտ 60 երեխաներ, որոնցմէ ոմանք եկան Սարատակէն, Գետափէն եւ Ուռեկանէն: Ծրագիրին նպատակն էր` վերաբնակեցած ընտանիքներու երեխաները դուրս բերել իրենց առօրեայէն եւ հաճելի մթնոլորտի մը մէջ անոնց տալ որոշ պատմական, մշակութային, գրական, առողջապահական գիտելիքներ: Գործուղումին նպատակն էր նաեւ վերաբնակեցած ընտանիքի երեխային բացատրել հողին կառչելու կարեւորութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը: Վերջապէս, գործուղումին ընդմէջէն Քաշաթաղցի երեխան կը զգայ, թէ սփիւռքահայ երիտասարդ ուսանողը պատրաստ է անոր ծառայելու, վերաբնակեցման իր լուման ձեւով մը բերելու:

Այս տարուան գործուղումը կը ներառէր նաեւ շինարարական աշխատանք: ԶՈՄ-ի ծրագրումով ու ֆինանսաւորումով Մոշաթաղի ըմպելի ջուրի փտած խողովակները փոխարինուեցան նոր խողովակներով: Այսպէս ԶՈՄ-ը իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ կը նպատակադրէ նաեւ նպաստել արցախցիին տարրական պահանջներու ապահովման աշխատանքին:

ԶՈՄ-ի աշխատանքներուն անմասն բաժինն է իր տարեկան գործուղումը, որ կը կատարուի 9-րդ անգամ ըլլալով: ԶՈՄ-ը կը հաւատայ, թէ այս գործուղումները լաւագոյն նախադրեալներն են անոր «Դէպի Երկիր»-ի առաքելութեան: Արդարեւ, բացի գործուղուող ընկերներու անմիջական շփումներէն` անիկա ամբողջ միութեան ներդրումն է «Դէպի Երկիր»-ի գաղափարին: Այս գործուղումները մեր միութեան ուշադրութեան կեդրոնը կը դարձնեն հայրենիքն ու անոր հարցերը եւ կը ներկայացնեն մեր համեստ ներդրումը` այդ հարցերու լուծման աշխատանքին մէջ: Այս տարի ԶՈՄ-ը կը պատրաստուի իր 10-րդ գործուղումին: Տասնամեայ գործուղման փորձը ԶՈՄ-ի ուսերուն կը դնէ պատասխանատուութիւն` վերամշակելու եւ ընդլայնելու իր գործուղման եւ ընդհանրապէս «Դէպի Երկիր»-ի տեսլականին համար տարուող աշխատանքները:

Այս էջն ու յաջորդը, որ լոյս պիտի տեսնէ յառաջիկայ ուրբաթ, պիտի ներառեն յօդուածներ, որոնց մէջ գործուղուող ընկերները կը բաժնեն իրենց փորձառութիւնները, ապրումները եւ մտահոգութիւնները, յուսալով, որ այդպիսով ընթերցողն ալ մասնակից կ՛ըլլայ մեր ընկերներուն փորձառութեան:

Share this Article
CATEGORIES