Քաթանիա Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը

Լուիճի Տը Քանիօ

Իտալիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող խումբերէն Քաթանիա շաբաթասկիզբին պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը Ռոնալտօ Մարանը` անոր արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով:

Ակումբը անմիջապէս անոր յաջորդը ճշդեց Լուիճի Տը Քանիոն:

Նախորդ շաբաթավերջին, Քալչիոյի գծով իր կատարած մրցումին, Քաթանիա 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով Քալիարիէն, իր կատարած 8 մրցումէն, կրցաւ ապահովել միայն 5 կէտ, ինչ որ բնականաբար հաշտ աչքով չդիտուեցաւ ակումբին պատասխանատուներուն կողմէ:

Նշենք, որ ան այս տարեշրջանին դարձաւ երրորդ մարզիչը, որ կը կորսնցնէ իր պաշտօնը (Իտալիոյ մէջ):

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )