Շնորհակալիք

Յարգարժան խմբագրութիւն «Ազդակ» օրաթերթի,

Հալէպի «Վենիւս» լուսանկարչատան անունով մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք  Ձեզի` օրաթերթիդ շաբաթ, 19 հոկտեմբեր 2013-ի թիւին մէջ մեր տրամադրած լուսանկարներու լոյս ընծայման եւ խրախուսող նախաբանին համար:

Ըլլալով «Ազդակ»-ի տասնամեակներու մնայուն բաժանորդը, բարձրօրէն կը գնահատենք համայն հայութեան եւ, վերջին երկուքուկէս տարիներուն յատկապէս, սուրիահայութեան տագնապին արձագանգելու «Ազդակ»-ին ազգանուէր աշխատանքը եւ մեր պատրաստակամութիւնը կը յայտնենք ընդմիշտ շարունակելու մեր գործակցութիւնը Ձեզի հետ:

Մեր պարտքն է ներկայացնել սուրիահայ, յատկապէս հալէպահայ համայնքի ճշգրիտ պատկերը` իր դժուարութիւններով եւ ձեռքբերումներով:

Կը հաւատանք, որ հայաբոյր Հալէպը պիտի թօթափէ պատերազմի ծանր լուծը ու վերագտնէ իր երբեմնի կենսունակ ու խաղաղ կեանքը:

 Համագործակցութեան ջերմ զգացումներով`
ԳԱԲՐԻԷԼ, ՊԵՐՃ ԵՒ ՀՐԱՉ ՊՕՂԻԿԵԱՆՆԵՐ

23 հոկտեմբեր, 2013
Հալէպ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )