Իւրայատուկ Ու Պատգամաբեր Ցուցահանդէս. Արուեստով Պայքարիլ Հոգեկան Հիւանդութեան Դէմ

Զէյթունա Պէյի սկիզբը գտնուող, ջինջ ու խաղաղ ծովը դիտող, երկինքը «գրկող» իւրայատուկ ցուցասրահին մէջ զետեղուած պաստառները կ՛ողջունեն քեզ, ներս կը հրաւիրեն, կոչ կ՛ուղղեն` նայելու, տեսնելու, դիտելու, թափանցելու, մտածելու, զգալու եւ…. ներաշխարհդ պեղելու: Հիմնական բնաբանը մարդու հոգեկան աշխարհի անտեսանելի, անշօշափելի, սակայն իրականութեան մէջ չափազանց տեսանելի ու շօշափելի հետեւանքներ ունեցող վիճակները, տագնապները արուեստի ճամբով արտայայտելն ու զանոնք տարբաղադրելով` անոնց բացայայտելն ու փոխելն է: Այդ ցուցասրահին մէջ արուեստն է տիրականն ու տնօրինողը:

19 արուեստագէտներու պաստառներ համախմբուած են այդ երդիքին տակ` արուեստագէտ եւ այս ցուցահանդէսի հիմնական պատասխանատու ու արուեստի բաժինի համակարգող Արա Ազատի առաջարկով, դասաւորումով եւ համադրումով: Նախաձեռնութիւնը կը պատկանի «Իմպրէյս ֆոնտ»-ին, որ ոչ շահութաբեր կազմակերպութիւն մըն է` Միջին Արեւելքի եւ Լիբանանի մէջ հոգեկան հիւանդութեան մասին իրազեկելու, աւելի առողջ հոգեկան աշխարհ ստեղծելու եւ այս նպատակով ծրագիրներ իրականացնելու միտող: Ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Լիբանանի մէջ ընթացք առած հոգեկան հիւանդութեան վերաբերող առաջին մեծագոյն արշաւի ծիրին մէջ: «Իմպրէյս ֆոնտ»-ի կազմակերպած արշաւին ընթացքին կազմակերպութեան հիմնական գործակիցներէն է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի բժշկական կեդրոնի հոգեբանական բաժանմունքը:

Գրիգոր Աւեսեան

Յովիկ Աֆարեան

Արա Ազատ

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Ցուցահանդէսին իւրայատկութիւններէն մէկը արուեստագէտներուն բազմաթիւ եւ բազմաոճ ըլլալն է, որովհետեւ այդպիսով կարելի կ՛ըլլայ տարբեր հոգեկան աշխարհներ տեսնել, տարբեր կացութիւններ, պայմաններ, յուսախաբութիւններ, ընկճուածութիւններ, ցաւի դրսեւորումներ, դէմքի ծամածռութիւններ, խաղեր տեսնել ու նկատել: Այս բոլորը տարբեր ոճերով ու ձեւերով արտայայտելը իսկական յանդգնութիւն է վաստակաշատ եւ արուեստի աշխարհին մէջ տակաւին նոր ճամբայ ելլող արուեստագէտներուն կողմէ: Հետաքրքրական է նաեւ մէկ ցուցահանդէսի մէջ կայացած ու կայացման ընթացքի մէջ եղող արուեստագէտներուն համախմբումը, զոր կատարած է Արա Ազատ` հաւատալով, որ տարբեր սերունդներու ներկայութիւնը տարբեր իրավիճակներու դրսեւորման եւ արուեստի ճամբով արտայայտման լաւ առիթ պիտի ըլլայ:

Երէկ` 25 հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 5:00-ին բացումը կատարուեցաւ «Իմպրէյս» ցուցահանդէսին, որուն ընթացքին իրենց գործերուն ընդմէջէն լիբանանցիներուն ունեցած հոգեկան աշխարհը ներկայացուցած են Ռիթա Ատայմի, Յովիկ Աֆարեան, Գրիգոր Աւեսեան, Արա Ազատ, Մելքան Պասիլ, Ֆուլվիօ Քոտսի, Ճիլպեր Հաժ, Ռիմ Ժունտի, Մարիա Քասսապ, Անի Խաչերեան, Սըմաան Խաուամ, Նաթալի Լապաքի, Ռաֆիք Մաժզուպ, Զիատ Նահաս, Ռիթա Սաատէ, Նատիա Սաֆիտտին, Քապալան Սամահա, Ճորճ Զուէյն, Ֆիրաս Ամին:

Արա Ազատ կը հաստատէ, որ Լիբանանի մէջ մարդոց հոգեկան տագնապներուն ու հիւանդութիւններուն պատճառը յստակ է` 15 տարուան քաղաքացիական պատերազմ, ապա քաղաքական անվերջանալի պատերազմ ու հակադրութիւններ: Այս բոլորը իրենց հետքը ձգած են իւրաքանչիւրին մօտ, սակայն այդ մասին գիտակցելու, անոր հասնելու եւ զայն փոխելու ճիգ ընելու նախաձեռնութեան եւ յանդգնութեան բացակայութիւնը կը մնայ տիրական: Ցուցահանդէսը փորձ մըն է, մղում մըն է` այդ մէկը ընելու, չհերքելու նման տագնապի գոյութիւնը եւ անոր դէմ յանդիման կանգնելու` գէթ անգամուան մը համար:

Իր տեսակին եւ բնոյթին մէջ եզակի այս ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 7 նոյեմբեր` կէսօրէ ետք ժամը 1:00-էն գիշերուան ժամը 9:00:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )