Լարուած Կացութիւն Դամասկոսի Մէջ
Սուրիական բանակի միաւորներու եւ զինեալ խմբաւորումներու միջեւ բախումները սաստկացած են մայրաքաղաքի արեւելեան կողմը, մանաւանդ Ժոպար, Պէթ Սահմ եւ Արեւելեան Ղութա արուարձանի պատկանող Մլեհա շրջանին մէջ:
Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ»-ի Դամասկոսի թղթակիցը:
Ըստ անոր, պաշտօնական տուեալները կը հաստատեն, որ սուրիական բանակը յաջողած է վերատիրանալ Արեւելեան Ղութա արուարձանի կարգ մը գիւղաքաղաքներ` օդակայանի միջազգային ճամբան ապահովելու գործողութիւններու ծիրին մէջ:
Միւս կողմէ, խաղաղ թաղամասեր համարուող Պարամքէ, Քասաա եւ Ապպասիին հրապարակի շրջակայքը հրասանդի հրթիռներու հարուած ստացան` արձանագրելով նիւթական վնասներ, զոհեր եւ վիրաւորներ:
Չորեքշաբթի երեկոյեան Սուրիոյ տարբեր շրջաններու մէջ ելեկտրականութեան հոսանքը քանի մը ժամ անջատուեցաւ` ահաբեկչական գործողութեան պատճառով մայրաքաղաքի հարաւը գտնուող ելեկտրակայանները մատակարարող կազամուղի սարքերու պայթումի իբրեւ հետեւանք:
Իսկ Ժարամանա արուարձանը կրկին անգամ հրասանդի հրթիռներու թիրախ դարձաւ: Հարուածներ կրեցին դպրոց մը եւ բնակելի շէնքեր` պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ: Յաւելեալ վնասներ կանխելու նպատակով` Ժարամանայի եւ այլ շրջաններու դպրոցները դռները երկու օր փակ պահեցին:

