ՄԻԹ-ի Պիւտճէն Կրկնապատկուած Է
Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան` ՄԻԹ-ի յատկացուող գումարը աչքի կը զարնէ տարուէ տարի իր նկատառելի աճով` 2014-ին անիկա պիտի հասնի 1 միլիառ 58 միլիոն լիրայի (550 միլիոն տոլար):
Թրքական «Ինթըրնեթհապեր» կայքէջը կը հաղորդէ, որ ՄԻԹ-ի ներկայ ղեկավար Հաքան Ֆիտանի պաշտօնավարութեան առաջին տարուան` 2010-ի ընթացքին, ՄԻԹ-ի պիւտճէն 523 միլիոն լիրա էր, 2011-ին անիկա բարձրացած է 665 միլիոնի, 2012-ին` 751 միլիոնի, 2013-ին` 995 միլիոնի եւ ահա 2014-ին կը հասնի 1 միլիառ 58 միլիոն լիրայի:
Կը նշուի, որ ՄԻԹ-ի ծախսերու նման աճը պայմանաւորուած է արհեստագիտական զարգացումներով, որովհետեւ այժմ աշխարհի մէջ հետախուզութիւնը մարդու միջոցով կատարելու փոխարէն կը կատարուի արհեստագիտութեան ճամբով, իսկ համացանցային հետախուզութեան համար սուղ արհեստագիտութիւններու կը կարօտի:
Բացի այդ, կը նախատեսուի, որ ՄԻԹ-ի եւ Թուրքիոյ զինեալ ուժերու համատեղ օգտագործման համար ձեռք պիտի բերուի հետախուզական նաւ մը, որ տուեալներ պիտի հաւաքէ թէ՛ ծովուն մէջ, թէ ցամաքէն: Նշեալ նաւէն ունին ընդամէնը չորս երկիր` Միացեալ Նահանգները, Ռուսիան, Գերմանիան եւ Իսրայէլը:

