Մասլիմի Հիւսիսային Իրաքի Քրտական Ինքնավար Մարզ Մուտքը Կ՛արգիլուի
Հիւսիսային Իրաքի ինքնավար մարզի կառավարութիւնը մերժեց Սուրիոյ մէջ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան համանախագահ Սալիհ Մուսլիմի իրաքեան քրտական շրջաններ մուտք գործելու արտօնութիւն տալ:
Մասլիմ սահմանին վրայ 5 օր սպասելէ ետք յայտնեց, որ արտօնութիւն ստացած է իր մահացած որդիին դամբարանը այցելելու, ապա տեսած է, որ անցքը փակուած է: Ան կը մտադրէր Իրաքի ճամբով Եւրոպա ուղղուիլ: «Ասիկա Մեսութ Պարզանիի հետ որեւէ կապ չունի: Ասիկա Քրտական ժողովրդավարական կուսակցութեան հին վարչութեան գործն է»:
Մասլիմ ըսաւ, որ Հիւսիսային Իրաք իր մուտքը արգիլուած ըլլալը չի գիտեր, սակայն «անոր դրդապատճառը քաղաքական է: «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովի թուականը կը մօտենայ, եւ անոնք այդպիսի դիւանագիտական ծրագիրներու մեր մասնակցութենէն ուրախ չեն: Կարծեմ իմ վերջին ճառիս առնչուած է: Անոնք կ՛ուզեն (Սուրիոյ Քրտական ժողովրդավարական կուսակցութեան գործավար) Ապտուլհաքին Պաշշարը լուսարձակի տակ բերել: Ազատի կուսակցութիւնը բոլոր մնացեալ կուսակցութիւնները միացուցած է եւ մենք յանձնախումբին մէջ ընդունուած ենք: Անոնք գործի մը վրայ են: Այս դաշինքը քրտական միութիւնը կը խանգարէ»:
Պատասխանելով իր «զաւակս սպաննած փամփուշտը Թուրքիայէն արձակուած էր» յայտարարութեան մասին հարցումի մը` Մասլիմ ըսաւ. «Երբ ատիկա ըսի, ըսել ուզեցի, որ զաւակս սպաննած խմբակին հետ չենք բանակցիր»` աւելցնելով, որ «պէտք է նայինք, թէ ով աջակցեցաւ անոնց եւ ով անոնց ետին կը կանգնի»:
«Ուըրլտ Պուլեթին» կը հաղորդէ, որ Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներու կողմէ իր զաւկին սպանութենէն ետք Մասլիմ Թուրքիայէն ցաւակցական պատգամներ ստացած է: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուին` իր քաղաքավար ժեսթին համար:

