Գերմանիա Մերքելի Գաղտնալսման Համար Միացեալ Նահանգներու Դեսպանէն Բացատրութիւն Պահանջած Է
ԱՖՓ կը հաղորդէ, որ Պերլինի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած է Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հեռախօսը գաղտնալսելու տեղեկութեան վերաբերեալ բացատրութիւն տալու համար:
Գերմանական կառավարութեան ներկայացուցիչը չորեքշաբթի օր յայտարարած էր, որ, ըստ Պերլինի ունեցած տուեալներուն, Միացեալ Նահանգներ գաղտնալսած են վարչապետին հեռախօսը:
Սակայն այս տեղեկութիւնը հերքած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման, որ վստահեցուցած է, որ «իր երկիրը չէ գաղտնալսած եւ ապագային ալ պիտի չգաղտնալսէ Մերքելը»:
CATEGORIES Միջազգային

