«Թուրք-Չինական Համաձայնագիրը Կրնայ Վնասել Միացեալ Նահանգներու Հետ Յարաբերութիւններուն» Կ՛ըսէ Ռիքարտոնէ
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ֆրենսիս Ռիքարտոնէ յայտարարած է, որ Չինաստանի հետ հեռահար հրթիռներ արտադրելու վերաբերեալ թուրք-չինական համաձայնագիրը կրնայ ազդել թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն վրայ:
Ըստ դեսպանին, Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու առեւտրական յարաբերութիւնները ներկայիս կը գտնուին բարձր մակարդակի վրայ, սակայն Ուաշինկթըն ցաւ յայտնած է Չինաստանի հետ նման համաձայնագիրի ստորագրման համար:
Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ երէկ իր կարգին անդրադառնալով այդ որոշումին` նշած է, որ Թուրքիոյ ռազմական շահերը կը գերազանցեն ամէն ինչ:
Ան նշած է, որ Թուրքիա հաշուի կ՛առնէ բոլոր դաշնակիցներու շահերը, սակայն այդ գործողութիւններուն մէջ անօրինական ոչինչ կայ:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ մինչեւ տարեվերջ Թուրքիան եւ Չինաստանը համաձայնագիր պիտի ստորագրեն հեռահար հրթիռներ արտադրելու վերաբերեալ:

