Ուաշինկթըն Մտադիր Է Սուրիոյ Քիմիական Զէնքերու Ոչնչացման Համար Վեց Միլիոն Տոլար Յատկացնել
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնական բանբերի տեղակալ Մարի Հարֆ յայտարարեց, որ ամերիկեան վարչակազմը մտադիր է Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի ոչնչացման ծրագիրին 6 միլիոն տոլար յատկացնել:
Հարֆ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ գումարը պիտի յատկացուի ՄԱԿ-ի մէջ զանգուածային քանդումի զէնքերու ոչնչացման ու տարածման արգիլման եւ Քիմիական զէնքի տարածման արգիլման կազմակերպութեան սնտուկներուն` նշելով, որ Միացեալ Նահանգներ իրողապէս 55.1 միլիոն տոլար յատկացուցած է կազմակերպութեան ջանքերուն աջակցութեան համար տասը զրահապատ մեքենաներ տրամադրելով:
Հարֆ յայտնեց, որ տակաւին կանուխ է հարկ եղած ընդհանուր գումարը ճշդելու:
Ան հերքեց լրատուամիջոցներու հաղորդած այն լուրը, թէ Միացեալ Նահանգներ դադրած է սուրիական ընդդիմութեան աջակցելէ:
CATEGORIES Միջազգային

