Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ երեք օդանաւեր խզած են Լիբանանի օդային սահմանները եւ թռիչքներ կատարած Պընթ Ժպէյլէն Նապաթիէ շրջաններուն վերեւ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի շեշտեց, որ եթէ Հըզպալլա կը փափաքի երկրին գերագոյն շահերը ապահովել, ապա ան պէտք է դիւրացնէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:
ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով ամերիկացի պատասխանատուներէ, կը գրէ, թէ Սուրիոյ մէջ Հըզպալլայի եւ Քայիտայի միջեւ բախումները իրենց շահերուն կը ծառայեն:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով Հըզպալլայի մօտիկ աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ նոյնիսկ եթէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ սպաննուի, սուրիական վարչակարգը իր դաշնակիցները փոփոխութեան պիտի չենթարկէ: Նոյն օրաթերթին մէջ մտավախութիւն յայտնուած է, որ նախքան «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը, Լիբանանը նամակներ փոխանակելու հարթակի վերածուի:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր յայտնեց, որ խորհրդարանի նիստերուն իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելը սահմանադրական իրաւունք չէ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն` քաղաքացիական անհնազանդութեան դիմելու` արգիլելու համար Լիբանանի մէջ Իրանի եւ Սուրիոյ նպատակներուն իրագործումը:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Վերա Եամմին շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ սուրիական բանակին կողմէ արձանագրուած որեւէ յաղթանակի կամ իրագործումի փոխարէն Լիբանանի մէջ կ՛արձանագրուի ապահովական խախտում մը:
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով օտար դիւանագէտներէ, յայտնեց, թէ Քալամունի ճակատամարտը չսկսելու առումով ամերիկեան-ռուսական համախոհութիւն գոյացած է:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ կարելի պիտի չըլլայ մօտիկ ապագային կառավարութիւն մը կազմել:

