«Կոչ Կ՛ուղղենք` Յառաջիկայ Մայիսին Ընտրելու Հանրապետութեան Նախագահը» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Քաթարի մէջ լիբանանեան համայնքի ներկայացուցիչներուն եւ լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ ճակատող երկու կողմերուն զօրակցողներուն` վերջ տալու իրենց հրահրած գրգռութիւններուն եւ աշխատելու Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատման ի խնդիր:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ լիբանանցիները պէտք է որոշեն իրենց ճակատագիրը: «Մեր պատկանելիութիւնը միայն Լիբանանին պէտք է ըլլայ», հաստատեց ան:

Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ ինք կը մերժէ անիշխանութիւնը` աւելցնելով, որ ոչ ոք պէտք է աշխատի` հասնելու համար անիշխանութեան կամ նախագահական նստաշրջանի երկարաձգումին:

«Յառաջիկայ մայիսին պէտք է ընտրենք հանրապետութեան նոր նախագահը, մենք կը զօրակցինք այդ ընտրութեան», շեշտեց Ռայի պատրիարքը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )