Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքը Կոչ Կ՛ուղղէ` Մարտ 14-ի Քաղաքական Ուժերուն Վերջ Տալու Խորհրդարանի Աշխատանքը Արգելակելու Իր Քայլին

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի:

Նիստին ընթացքին պլոքը շեշտեց, որ Հարաւային արուարձանները թիրախ դարձնող ականուած ինքնաշարժները, ինչպէս նաեւ վերջերս Մաամուրայի մէջ բացայայտուած ականուած ինքնաշարժը, որ կրնար աղէտ մը պատճառել, ահաբեկչութիւններ են, որոնց դէմ ազգային պայքար պէտք է մղել:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը հաստատեց, որ այդ ինքնաշարժները ականող կողմերը արդէն իսկ բացայայտուած են` աւելցնելով, որ անոնք նաեւ ռումբերու թիրախ կը դարձնեն Պաալպէք-Հերմելի շրջանը:

Պլոքը շնորհաւորեց լիբանանցիները` մէկուկէս տարիէ առեւանգուած ինը լիբանանցիներուն ազատ արձակման առիթով, բարձր գնահատելով Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի ջանքերը:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը մաղթեց նաեւ, որ այդ ջանքերը շարունակուին` ազատ արձակելու համար առեւանգուած  եպիսկոպոսներ` Պուլոս Եազիժին եւ Եուհաննա Իպրահիմը:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը կոչ ուղղեց Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն անդամ երեսփոխաններուն` վերջ տալու խորհրդարանին աշխատանքները արգելակելու իրենց քայլերուն` շեշտելով, որ խորհրդարանին աշխատանքները կանխամտածուած կերպով խոչընդոտելը պետութեան տրամաբանութենէն դուրս գալ, ինչպէս նաեւ երկխօսութիւնը արգելակել կը նշանակէ:

Պլոքը Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերէն խնդրեց զգուշ ըլլալ իրենց քայլերուն պատճառելիք վտանգներուն եւ պետութեան ու քաղաքական կեանքին վրայ անոնց ունենալիք հետեւանքներուն:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )