Ազրպէյճանի Դեսպանը Այցելեց Մարտ 14-ի Ընդհանուր Քարտուղարութեան Կեդրոն
Լիբանանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Մահեր Ալիեւ երէկ այցելեց Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու ընդհանուր քարտուղարութեան կեդրոն, ուր հանդիպում ունեցաւ ընդհանուր քարտուղարութեան աշխատանքները համակարգող Ֆարես Սուէյտի հետ:
Հանդիպումէն ետք Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն ընդհանուր քարտուղարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ հանդիպումին ընթացքին Ալիեւ Լիբանանի եւ Ազրպէյճանի յարաբերութիւններուն մասին պատմական ակնարկ մը կատարած է, իսկ Սուէյտ ներկայացուցած է Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն ծննդոցը եւ անոր ազգային դերակատարութիւնը` մաղթելով շարունակել երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ ապահովել երկու երկիրներուն շահերը:
CATEGORIES Լիբանանեան