Պըրրի – Քոչարեան Հանդիպում

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանը, որ Պըրրիի փոխանցեց Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տիրող իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Պըրրի եւ Քոչարեան ընդգծեցին բարեկամ երկու երկիրներուն միջեւ բարձրաստիճան պատուիրակութիւններուն փոխադարձ այցելութիւններն ու գործարարներու յատուկ համաժողովներ կազմակերպելու կարեւորութիւնը:

Երկու կողմերը վերահաստատեցին իրենց պատրաստակամութիւնը` միջխորհրդարանական գործակցութիւնը զարգացնելու եւ խորացնելու, նաեւ աշխատանքները շարունակելու իմաստով:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )