Պըրրի. «Լիբանանի Մէջ Պիտի Շարունակենք Դատական Իշխանութեան Անկախացման Պայքարը»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ներկայ գտնուեցաւ իրաւաբաններու սենտիքային կողմէ կազմակերպուած`  իրաւաբանութեան մէջ  50 տարի ծառայած իրաւաբաններուն պարգեւատրման ձեռնարկին:

Պըրրի, որ իր կարգին պարգեւատրուեցաւ, նշեց, թէ պետութիւնը պէտք է նկատի ունենայ իրաւաբաններու սենտիքային այս ուսանելի քայլը:

«Լիբանանի խոցելի կէտերէն մէկն է այն, որ վաստակաւորները միայն յետ մահու պարգեւատրումի կ՛արժանանան», հեգնեց Պըրրի:

Անդրադառնալով արաբական իշխանութիւններուն կողմէ օգտագործուող ուժին եւ բանեցուած ճնշումներուն` Պըրրի շեշտեց, որ այս մօտեցումը պիտի շարունակէ այդ երկիրներուն մէջ յեղափոխութիւններ յառաջացնել:

«Իսկ Լիբանանի մէջ մենք պիտի շարունակենք դատական իշխանութեան անկախացման եւ անոր գործունէութեան մէջ քաղաքական միջամտութիւնները արգիլելու պայքարը», ըսաւ Պըրրի եւ կոչ ուղղեց` բարեփոխումի ենթարկելու իրաւաբաններու սենտիքային յատուկ օրէնքը, որպէսզի ան դարուս պատշաճ օրէնքներուն վերածուի:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )