Նախագահ Սլէյման Բացումը Կատարեց Հազմիէի Քաղաքապետարանին Եւ Իր Անունը Կրող Պողոտային

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Ռիհանիէի մէջ բացումը կատարեց իր անունը կրող պողոտային, նաեւ` Հազմիէի քաղաքապետարանին:

Զոյգ ձեռնարկները կատարուեցան անջատաբար, սակայն Հազմիէի եւ Պաապտայի քաղաքապետարաններուն միացեալ որոշումով եւ կազմակերպութեամբ:

«Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման» անունը կրող պողոտային բացումին ներկայ գտնուեցան հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի, Հազմիէի քաղաքապետ Ժան Ասմար եւ Պաապտայի քաղաքապետ Հանրի Հըլու:

Նախագահ Սլէյման իր արտասանած խօսքին մէջ կոչ ուղղեց դիւրացնելու` կառավարութեան կազմութեան աշխատանքը, ինչպէս նաեւ շեշտեց լիբանանեան ազգային երկխօսութեան վերսկսելու անհրաժեշտութիւնը` առաջնահերթ նկատելով «Պաապտայի յայտարարութիւնը»:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց նաեւ խորհրդարանի աշխատանքները պոյքոթի չենթարկելու կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով, որ անիկա ժողովրդավարական քայլ մը չի նկատուիր:

«Ժողովրդավարութիւնը կը կայանայ նիստին մասնակցելու եւ քուէարկելու մէջ, եւ ոչ թէ` խորհրդարանին աշխատանքները պոյքոթի ենթարկելու», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, Հազմիէի քաղաքապետարանին բացումին առիթով, նախագահ Սլէյման ընդգծեց քաղաքապետական աշխատանքի կարեւորութիւնը` դիտել տալով, որ քաղաքապետական աշխատանքը կ՛ամրապնդուի վարչական ապակեդրոնացեալ աշխատանքի դրութեան որդեգրումով:

Նախագահ Սլէյման Հազմիէն նկատեց ազգային համերաշխութեան քաղաքը:

 

Share this Article
CATEGORIES