Մինչ Պետութիւնը Կ՛որոշէ Ապահովական «Լուրջ» Քայլերու Ձեռնարկել, Թրիփոլիի Մէջ Զինեալ Բախումները Կը Հնձեն Նոր Զոհեր

Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած զինեալ բախումները արձանագրած են երկու զոհեր եւ վիրաւորած տասնեակ ուրիշներ:

Շրջանին մէջ տիրող ապահովական ապակայունութեան պատճառով Թրիփոլիի դպրոցներն ու վաճառատուները երէկ փակ պահեցին իրենց դռները:

Պաքքարի եւ Ժապալ Մըհսենի ճակատները վկայեցին բուռն բախումներ, որոնց ընթացքին արձակուեցան ռումբեր, ինչպէս նաեւ օգտագործուեցան «Պէ. 7» տիպի նռնականետեր:

Պապ Թըպպանէ եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ զինեալ բախումներուն կողքին, արձանագրուեցաւ նաեւ արձակազինութիւն, ռումբերու արձակում եւ նռնականետերով բախումներ, որոնք պատճառեցին մարդկային վնասներ` զոհեր եւ վիրաւորներ, ինչպէս նաեւ նիւթական վնասներ` աւեր ու քանդում:

Թրիփոլիի բոլոր ճակատներուն վրայ զինեալ բախումները շարունակուեցան մինչեւ ուշ գիշեր:

Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան պատասխանատուներէն Տումմար Ապտալլա սպաննուեցաւ Պապ Թըպպանէի արձակազէններուն փամփուշտով:

Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ռիֆաաթ Իտ շեշտեց, որ իրենք կը զօրակցին լիբանանեան բանակին եւ կը փափաքին, որ ան երկաթեայ բազուկով հարուածէ` Թրիփոլիի կայունութիւնը վերահաստատելու նպատակով:

Իտ շեշտեց, որ Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ արձանագրուած զինեալ բախումները երրորդ կողմէ մը հրահրուին` աւելցնելով, որ իրենք գիտեն այդ կողմին ինքնութիւնը:

«Ոմանց շահերուն կը ծառայեն Թրիփոլիի մէջ ապահովական խախտումները, եւ չեմ նախատեսեր, որ այս բախումները մօտիկ ապագային դադրին», շեշտեց Իտ:

Միւս կողմէ, Իսլամ հոգեւորականներու խորհուրդը գումարեց նիստ մը, որմէ ետք խորհուրդի նախագահ շէյխ Սալեմ Ռաֆիյի կոչ ուղղեց պետութեան` լուծելու Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութիւնը եւ հաշուետուութեան կանչելու անոր պատասխանատուները` նկատի ունենալով, որ փաստուած է, թէ Թրիփոլիի մզկիթներուն պայթումը գործող կողմերը Ժապալ Մըհսենէն են:

Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ խստիւ քննադատեց Թրիփոլիի մէջ ապահովութեան ուժերուն կողմէ զետեղուած անցարգելները` նկատել տալով, որ անոնք կը խանգարեն քաղաքացիները, առանց շրջանին մէջ ապահովութիւն հաստատելու:

Պետական նախարարի պաշտօնակատար Ահմետ Քարամէ շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ կացութիւնը հասած է իր վատագոյն վիճակին եւ դարձած անհանդուրժելի: Ան նշեց, որ ընթացիկ հարցերու կառավարութեան վարչապետ Նեժիպ Միքաթի որոշած է վերջնականապէս լուծել այս հարցը, որովհետեւ ժամանակն է արդէն, որ Թրիփոլի հանգստանայ ապահովական այս խախտումներէն:

Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել խստիւ քննադատեց Թրիփոլիի մէջ ապահովական ծրագիրին «մահուան» մասին կատարուած յայտարարութիւնները` շեշտելով, որ ծրագիրը տակաւին չէ առաջարկուած եւ ոմանք կը մեկնաբանեն զայն իբրեւ մեռեալ ծրագիր:

«Ժումհուրիա» օրաթերթին համաձայն, Թրիփոլիի տարբեր շրջաններուն մէջ բացուած ճակատներուն պատասխանատուները հաստատեցին, որ իրենք տակաւին յստակ որոշում մը չեն տուած ճակատամարտը սկսելու առումով` աւելցնելով, որ արձանագրուած ապահովական այս միջադէպերը փոքր բախումներ են:

Պաապտայի Մէջ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ նախագահեց ապահովական նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ապահովական իրադարձութիւնները` յատկապէս Թրիփոլիի միջադէպերը:

Նիստէն ետք Միքաթի նախագահական պալատէն յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ պիտի որդեգրուին «լուրջ» քայլեր` հակակշռելու համար տիրող կացութիւնը:

Միքաթի շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ ոչ մէկ զինեալ կողմ պետութեան հովանաւորութիւնը պիտի վայելէ:

Ան կոչ ուղղեց բոլորին` գործակցելու ապահովութեան ուժերուն հետ` աւելցնելով, որ անոնք ամբողջ Լիբանանի տարածքին ապահովական նուաճումներ կ՛արձանագրեն եւ յաջորդ հանգրուանին` ապահովական կայունութիւն պիտի հաստատեն Թրիփոլիի մէջ` շրջանին բնակչութեան անվտանգութիւնը ապահովելով:

Սուրիոյ վերաբերող «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին Լիբանանի մասնակցութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Միքաթի յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապին հանդէպ Լիբանան չէզոք կեցուածք որդեգրած է, սակայն Սուրիոյ տագնապը Լիբանանին հանդէպ չէզոք չէ եղած` նկատի ունենալով, որ Լիբանան մեծ թիւով սուրիացի գաղթականներու բեռին տակ կը կքի, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ ճակատագիրին վերաբերող որեւէ խորհրդաժողով կը հետաքրքրէ Լիբանանը, որ ուղղակի կ՛ազդուի տիրող կացութեան հետեւանքներէն:

Միքաթի հաւանական նկատեց «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին Լիբանանի մասնակցութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )