Հայկական Ստորաբաժանումը Պիտի Մասնակցի Լիբանանի Մէջ Խաղաղապահ Առաքելութեան

Պրիւքսէլ կատարած այցելութեան ծիրին մէջ, 21-23 հոկտեմբերին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան երկկողմանի հանդիպումներ ունեցաւ տարբեր երկիրներու իր պաշտօնակիցներուն հետ:

Օհանեան հանդիպում ունեցաւ Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարար Մարիօ Մաուրոյի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի հովանիին ներքեւ Լիբանանի մէջ իրականացուող ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ առաքելութեան իտալական ստորաբաժանման կազմին մէջ հայկական զօրախումբի միանալուն նախապատրաստական աշխատանքներուն առնչուող հարցեր:

Կողմերը համաձայնեցան կարճ ժամանակի ընթացքին աւարտին հասցնել ՖԻՆԻՒԼ-ի կազմին մէջ հայ խաղաղապահներու ընդգրկման առնչուած իրաւական ընթացակարգերը եւ սկսիլ առաքելութեան իրականացման առնչուող հոլովոյթներուն:

Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Իրաքլի Ալասանիայի հետ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան պաշտպանութեան մարզին մէջ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան առնչուող հարցեր: Կողմերը ամփոփեցին վերջին ժամանակահատուածին կատարուած աշխատանքները եւ նախանշեցին հետագայ համագործակցութեան հեռանկարները:

Այցելութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին առաջին տեղակալ Դաւիթ Տոնոյեանի եւ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան քարտուղարի փոխտեղակալ Էվելին Ֆարքասի հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկուեցան պաշտպանութեան մարզին մէջ հայ-ամերիկեան համագործակցութեան առնչուող հարցեր: Անոնք ընդգրկեցին Միացեալ Նահանգներու խաղաղապահութեան նախաձեռնութիւններուն աջակցող «Ճի.Փի.Օ» ծրագիրի ծիրին մէջ Հայաստանի խաղաղապահ կարողութիւններու զարգացման եւ Հայաստանի մէջ խաղաղապահ ուսումնական կեդրոնի ստեղծման աշխատանքներուն, միացեալ զինուորական-ուսումնական հաստատութիւններուն եւ վարժական կեդրոններուն մէջ Հայաստանի զինուորական անձնակազմին դասընթացքներուն եւ վարժութիւններուն, Հայաստանի համակարգչային աջակցութեամբ հրամանատարական եւ մարտավարական ուսումնավարժական կարողութիւններու ստեղծման եւ երկկողմանի համագործակցութեան առնչուող այլ հարցեր:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )