Անճէյ Քասփըրչիք Ղարաբաղի Մէջ Կը Քննարկէ Սահմանային Վիճակը
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 24 հոկտեմբերին ընդունած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփըրչիքը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ազրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացին մէջ, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու հանդիպման գօտիին վրայ տիրող իրավիճակին վերաբերող հարցեր:
Անճէյ Քասփըրչիք տեսակցութիւն ունեցած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանի հետ: Քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի սահմանագիծին վրայ տիրող իրավիճակն ու այս գծով ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչին գրասենեակին կողմէ կատարուած դիտարկումները:
Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն, յատուկ կերպով անդրադարձ կատարուած է 17 հոկտեմբերին սահմանագիծին վրայ` Հադրութի ուղղութեամբ, ԵԱՀԿ առաքելութեան դիտարկման ընթացքին տեղի ունեցած միջադէպին, երբ ազրպէյճանական կողմէն Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի դիրքերուն ուղղութեամբ արձակուած կրակոցներուն պատճառով դիտարկումը ընդհատուած էր:
Երկուստեք ընդգծուած է սահմանագիծին վրայ կայունութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը եւ նման միջադէպերու կրկնութեան կանխման կարեւորութիւնը:

