Մուրինիօ Մէկ Մրցումով Կախակայուեցաւ
Չելսիի փորթուգալցի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ «Փրեմիեր լիկ»-ի գծով մէկ մրցումով կախակայուեցաւ` նկատի ունենալով, որ ան նախորդ շաբաթավերջին` Քարտիֆի դէմ կատարուած մրցումին, քիչ մը անկարգապահ գտնուելուն համար վերջին 20 վայրկեանին կախակայուեցաւ եւ իր ստացած կարմիր քարտին պատճառով մրցումը աւարտեց թրիպիւններուն վրայ` խումբին համակիրներուն հետ:
Ան մինչեւ 24 հոկտեմբեր պայմանաժամ ունէր բողոքելու իր ստացած կախակայումին համար:
Ըստ անգլիական մամուլին, կրնայ պատահիլ, որ Մուրինիօ նաեւ տուգանքի ենթարկուի:
CATEGORIES Մարզական