Արմէն Սանամեան Պաշտօնազրկուեցաւ

Արմէն Սանամեան (աջին)

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն խումբի նորեկ Ալաշկերտ պաշտօնանկ ըրաւ իր գլխաւոր մարզիչը` Արմէն Սանամեանը` խումբին արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով:

«Ալաշկերտ, բաւական անյաջող կու գայ այս տարեշրջանին: Ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած 8 մրցումներուն խումբը արձանագրեց 3 հաւասարութիւն եւ կրեց 5 պարտութիւն, որոնցմէ 3-ը` բաւական ծանր կերպով: Անոնցմէ բացի, խումբը դուրս մնաց նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքէն` 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք անկէ, հակառակ անոր որ երթին 1-0 արդիւնքով յաղթած էր», լրագրողներուն յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարը:

Նշենք, որ Սանամեան նախորդ գարնան նշանակուեցաւ Ալաշկերտի մարզիչ` փոխարինելով Ալպերթ Սարգիսեանը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )