Գերմանական Ակումբներ Հետաքրքրուած` Եուրա Մովսիսեանով

Հայկական լրատու աղբիւրներ` մէջբերելով championat.com կայքէջին հրապարակած մէկ լուրը, կը յայտնեն, որ գերմանական կարգ մը ակումբներ մօտէն հետաքրքրուած են Սպարտակ Մոսկուայի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող միջազգային յառաջապահ Եուրա Մովսիսեանով:

Վերոնշեալ աղբիւրը թէեւ չի նշեր Պունտըսլիկայի այդ ակումբներուն անունները, սակայն կը յայտնէ, որ ֆութպոլի այդ մասնագէտները շատ մօտէն կը հետաքրքրուին եւ ընդհանրապէս ներկայ կ՛ըլլան Մովսիսեանի կատարած իւրաքանչիւր մրցումին, ըլլայ անոր ակումբին եւ ըլլայ Հայաստանի հաւաքականին հետ:

Share this Article
CATEGORIES