Ճատրակ. Աշխարհի Խմբային Ախոյեանութիւն. Ազրպէյճան` 10-րդ Եւ Վերջին Մասնակցողը

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջէն (armchess.am) կը տեղեկանանք, որ ՖԻՏԷ-ի նախագահ Քիրսան Իլիումժինովի որոշումով, աշխարհի ճատրակի խմբային ախոյեանութեան թափուր մնացած տեղը յատկացուած է Ազրպէյճանին, որ այսպիսով կը դառնայ 10-րդ եւ վերջին մասնակցողը:

Այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 24 նոյեմբերէն 6 դեկտեմբեր, թրքական Անթալիա քաղաքին մէջ:

Ախոյեանութեան մասնակցող տասը երկիրներն են` Հայաստան, Ռուսիա, Ուքրանիա, Հոլանտա, Գերմանիա, Միացեալ Նահանգներ, Չինաստան, Եգիպտոս, Թուրքիա եւ Ազրպէյճան:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )