Արթուր Աբրահամ. «Ես Չեմ Թերագնահատեր Քարոլիսը, Բայց` Ես Պիտի Յաղթեմ»

Արթուր Աբրահամ (աջին)

Արհեստավարժ կռփամարտի աշխարհի նախկին ախոյեան եւ Գերմանիոյ դրօշակին տակ հանդէս եկող հայազգի Արթուր Աբրահամ վաղը` շաբաթ, 26 հոկտեմբերին ռինկ պիտի վերադառնայ:

Լուրը, որ հրապարակած է ArmSport.am հայկական լրատու գործակալութիւնը, կը նշէ, թէ այս մենամարտը տեղի պիտի ունենայ Գերմանիոյ Օլտենպուրկ քաղաքին մէջ գտնուող «Ի. ՏԱՊԸԼՈՒ. Ի.» մարզահամալիրին մէջ, Աբրահամի մրցակիցը պիտի ըլլայ 29 տարեկան իտալացի Ճիովանի Տէ Քարոլիս: Վերջինը արձանագրած է 20 յաղթանակ (10-ը նաք-աութով) եւ կրած 4 պարտութիւն, մինչ Աբրահամ` 37 յաղթանակ (28-ը նաք-աութով) եւ 4 պարտութիւն:

Նշենք, որ այս ճակատումը պիտի ցուցադրուի գերմանական «Էյ. Ար. Տի.» պատկերասփիւռէն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հանրային պատկերասփիւռի կայանէն` ուղղակիօրէն:

Օլտենպուրկի մէջ իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Աբրահամ կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Որեւէ մենամարտ դիւրին զբօսանք չէ: Ես չեմ թերագնահատեր Քարոլիսը, սակայն կ՛ըսեմ, որ պիտի յաղթեմ անոր»:

Նշենք, որ Արթուր Աբրահամ «ՏԱՊԸԼԻՈՒ ՊԻ. Օ.»-ի գերմիջին կարգի աշխարհի ախոյեանի տիտղոսին թեկնածու է:

Աշխարհի ախոյեանի գօտիի համար Ռապըրթ Շթիքլիցի դէմ մենամարտը տեղի պիտի ունենայ 2014-ին:

Հայկական աղբիւրը կ՛եզրափակէ, որ այս բոլոր տեղեկութիւնները փոխանցած է Արթուր Աբրահամի մամլոյ պատասխանատուն` Սիրան Գրիգորեանը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )