Եւրոպայի 17 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Անգլիա – Հայաստան` 4-0

Երէկ` հինգշաբթի, 24 հոկտեմբերին, Եւրոպայի 17 տարեկանէն վար ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Է. խմբակին մրցումները հիւրընկալող Հայաստանի հաւաքականը 4-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Անգլիայէն:

Երեւանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին, Անգլիա 3-րդ վայրկեանին իսկ բացաւ հաշիւը: Մնացեալ կոլերը նշանակուեցան 32-րդ, 75-րդ եւ 80-րդ վայրկեաններուն:

Նշենք, որ Հայաստանի գլխաւոր մարզիչն է Վարազդատ Աւետիսեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )