Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Յուսախաբ պիտի ըլլաք ձեզի մօտիկ կարգ մը անձերէ: Կարեւորութիւն մի՛ տաք, շարունակեցէք ձեր ճամբան: Ունիք յաջողելու լաւ առիթներ: Եղէք խաղաղ:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Խոնաւութիւնը եւ ցուրտը պիտի ըլլան ձեր թշնամին: Յարգեցէք եղանակին քմայքները, որպէսզի հեռու մնաք անհաճոյ պատահարներէ:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ուշադիր եղէք ձեր տնտեսութեան, որպէսզի դրամական դժուարութիւն չունենաք: Խնայողութեամբ շարժեցէք ձեր առուծախի պարագային:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Երբեմն ընդունեցէք մնալ երկրորդ դասակարգի վրայ: Այս չի նշանակեր, որ արժեզրկուած էք: Օրուան կացութեան հետ համաձայնեցէք:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Հեռու մնացէք աղմկոտ վայրերէ, իրարանցում ստեղծող շրջանակներէ, որպէսզի սթրեսը հեռանայ ձեզմէ: Հսկեցէք ձեր առողջութեան: Խաղաղ եղէք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Չափազանցութիւններէ հեռու մնացէք, երբ անօգուտ հարցեր են անոնք: Եթէ տօնական հանդիպումի մը հրաւիրուիք, մի՛ մերժէք ներկայ ըլլալ:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր արհեստին կամ ասպարէզին մէջ փոփոխութիւն մը պիտի ստեղծուի, ինչ որ հաճելի պիտի չթուի, բայց անհրաժեշտ է, համակերպեցէք: Մի՛ տրտմիք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ոմանք կը հետեւին եոկայի, դուք եւս կրնաք հետեւիլ` հանգստանալու համար: Ձեր անձնական միջոցներով հանգստացէք: Կարեւոր է այս:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեզմէ կը պահանջուի ստորագրել թուղթ մը: Ժամանակ ունեցէք, որպէսզի մտածէք եւ ապա կատարէք այն, ինչ որ յարմար է: Խոհե՛մ եղէք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Մկանային տագնապ կրնաք ունենալ: Թեթեւի մի՛ առնէք: Մարձումի կարիք եթէ զգաք, դիմեցէք մասնագէտի մը, կ՛օգտուիք: Անտաբեր մի՛ մնաք նման պարագայի:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Բնութիւնը պիտի օգնէ ձեզի ներշնչուելու, նոր գաղափարներ ունենալու որ կը վերաբերի ձեր աշխատանքային ծրագիրներուն: Դրական տրամադրութիւն արտայայտեցէք ամէն պարագայի:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Երկչոտ կամ վարանոտ մի՛ ըլլաք ձեր զգացումները արտայայտելու: Մանաւանդ երբ հարցը կը վերաբերի սիրոյ: Համարձակ եղէք, որպէսզի ապրիք բնական տրամադրութեամբ:

Share this Article
CATEGORIES