50 Տարի Առաջ (26 Հոկտեմբեր 1963)
Հայ Կեանքը Ատրպատականի Մէջ
Ատրպատականի Ազգային առաջնորդարանի դիւանէն կը հաղորդուի.-
Ատրպատականի հայ համայնքը շատ քիչ առիթներով վայելել է իր մէջ հայ հասարակական եւ մշակութային գործիչների ներկայութիւնը, որը ցնծութեան եւ հոգւոյ վերակենդանացման պատճառ է հանդիսացել նրան: Ուրախութեամբ եւ հրճուանքով, Թաւրիզի ազգաբնակչութեան հետ, հայ ժողովուրդն եւս ականջալուր եղաւ գեղարուեստական այն վայելքին, որը մեզ պարգեւեց ամերիկահայ գաղութի շնորհալի եւ արուեստագէտ ներկայացուցիչներից Լուսի Իշխանեանը` իր դաշնակի երեք համերգների ընթացքում: Նա յատուկ կարգադրութեամբ հրաւիրուել էր տեղւոյս ամերիկեան հիւպատոսարանի կարգադրութեամբ, հայ թէ օտար երաժշտագէտների ստեղծագործութեանց կատարումով, հոկտեմբեր 10-12 «Ֆերդովսու» սրահում:
Ի պատիւ արուեստագէտ Իշխանեանի, ՀՕՄ-ի Ատրպատականի մասնաճիւղը կազմակերպել էր մի մեծ ընդունելութիւն Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճում, նախագահութեամբ թեմիս առաջնորդ Վարդան վրդ. Տեմիրճեանի եւ ի ներկայութեան հասարակական թէ կրթական մարմինների: Այս ընդունելութեան ներկայ գտնուեցին նաեւ ամերիկեան հիւպատոսն ու նրա օգնականը` իրենց ազնուափայլ տիկիններով: Իրենց յարգանքի խօսքերն ասացին ՀՕՄ-ի նախագահ Արաքս Մարութխանեանը, հայ եկեղեցասէր կանանց միութեան ատենապետ Մարուսիա Վահրամեանը, հուսկ ապա, առաջնորդ հայր սուրբը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Իշխանեանին` իր այնքան սքանչելի յաջողութեանց եւ պատճառած ուրախութեանց համար, նրան ցանկանալով նորանոր յաջողութիւններ: Ապա յանձնեց յիշատակի որպէս նուէր` Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանուց պատմութեան հատորն ու կիրակնօրեայի զարդակոճակ մը: Համեստափայլ օրիորդը ինք եւս իր կարգին շնորհակալութիւններն յայտնեց, եւ խոստացաւ իր հետ տանել թաւրիզահայոց ջերմ զգացումները: Երջանիկ Գասպարեանի ոգեշունչ արտասանութենէն ետք ընդունելութիւնը վերջ գտաւ հայր սուրբի «Պահպանիչ» աղօթքով:
Հայկական Կեանք
Համազգայինի Թատերասէրները Թեհրանի Մէջ
Մեծ Ոգեւորութիւն Կը Տիրէ
Թեհրանահայ Գաղութէն Ներս
(Սեփ. Թղթակցութիւն «Ազդակ»-ի)
Պէյրութի Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը Թեհրան ժամանեց կիրակի, 20 հոկտեմբեր, կէսօրէ ետք ժամը 3.30-ին տեղական ժամ), ԼԻԱ ընկերութեան քառաշարժակ օդանաւով եւ անմիջապէս առաջնորդուեցաւ «Արարատ» ակումբ, որ մեծ յարմարութիւններ ունի մշակութային եւ մարզական գործունէութեան համար:
«Արարատ»-ի թատերասրահին մէջ նախ պիտի ներկայացուի Լեւոն Շանթի «Հին աստուածներ»-ը, չորեքշաբթի, հոկետմբեր
24-էն սկսեալ, յաջորդաբար չորս գիշեր: Յաջորդ շաբաթ պիտի ներկայացուի Քլոտ Մանիէի «Օսքար»-ը, դարձեալ չորս գիշեր:
Այս առթիւ մեծ խանդավառութիւն կը տիրէ Թեհրանի հայ գաղութի բոլոր շրջանականերուն մէջ, որոնք քիչ անգամ առիթ ունեցած են այլ գաղութներու եւ նոյնիսկ սահմանամերձ Հայաստանի հետ մշակութային փոխադարձ այցելութիւններով կենդանի կապ հաստատելու:
Կիրակի իրիկուն, «Գասպար Իփէկեան» խումբին ժամանման առթիւ, «Արարատ»-ի վարչութիւնը Արմենուհի տիկնանց միութեան օժանդակութեամբ, կազմակերպեց քոքթէյլ մը, ուր շատ հաճելի մթնոլորտի մէջ իրարու ծանօթացան հրաւիրեալներն ու խումբին անդամները:
Երկուշաբթի առտու, ժամը 10-ին, թատերախումբը լրիւ կազմով, ընկերակցութեամբ «Արարատ»ի վարչականներուն, այցելեց առաջնորդ Արտակ սրբազանին: Նոյն կազմով ժամը 11:00-ին այցելեց «Ալիք»-ի խմբագրութիւնը: Իսկ հինգշաբթին պիտի ընդունուի Թեհրանի մէջ Լիբանանի դեսպան Արիտայի կողմէ:
ԹՂԹԱԿԻՑ
Հայր Արտաւազդ Թրթրեանին
Յայտարարութիւնները
Եկեղեցիներու Միութեան Մասին
«Լ՛Օրիան» իր այսօրուան թիւին մէջ հրատարակած է շահեկան տեսակցութիւն մը, որ Հռոմի Տիեզերական ժողովին հետեւող իր թղթակիցը` Ժ. Օքանեը ունեցած է Արտաւազդ ծ. վ. Թրթրեանին հետ, որ իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դէտ` ներկայ կ՛ըլլայ Տիեզերական ժողովի աշխատանքներուն:
Բաւական ընդարձակ այս տեսակցութեան մէջ հայր Արտաւազդ կը պատասխանէ թղթակիցին հարցումներուն եւ այլն տեղեկութիւններ կու տայ ոչ միայն Հայաստանեաց եկեղեցւոյ կառոյցին, այլ նաեւ եկեղեցիներու միութեան նկատմամբ անոր ունեցած ըմբռնումներուն եւ տեսակէտներուն մասին:
Հայր Արտաւազդ մասնաւորաբար կը յայտարարէ. «Կը փափաքինք աւելի լաւ իրեր հասկացողութիւն մը` պատրաստելու համար դէպի միութիւն ամէնէն ապահով ճամբան»:

