Մարդկութեան Պատմութենէն
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Մարդ արարածի նախահայրը երկրագունդին վրայ երեւցած է միլիոնաւոր տարիներ առաջ: Մեր նախահայրերը մեծ ճամբայ կտրած են հասնելու համար. մինչեւ ներկայի արդի մարդուն: Ահա քանի մը լուրեր մարդկութեան պատմութենէն` նախապատմական մարդէն մինչեւ արդի մարդը:
Նոր Նախահա՞յր Մը
Նոր գտնուած բրածոյ մը մեծ հարցականներ կը յառաջացնէ հնաբանութեան աշխարհին մէջ: Անիկա Վրաստանի մէջ գտնուած 1,8 միլիոն տարուան բրածոյ դարձած մարդկային գանկ մըն է: Սակայն, ըստ առաջին ուսումնասիրութիւններուն, հարցը այդքան ալ խրթին չէ:
Մեր օրերուն այլեւս մարդու մէկ տեսակ գոյութիւն ունի, հոմօ սափիէնները: Շատ հեռաւոր անցեալ գոյութիւն ունեցած են ուրիշ տեսակներ. անոնցմէ ամէնէն նշանաւորը եղած է հոմօ սափիէն նէանտերթալիսիսը, այսինքն` նէանտերթալի մարդիկը: Սակայն անոնց ցեղը անհետացած է 28000 տարիներ առաջ: Իսկ անկէ առա՞ջ: Հոս է, որ հարցը խրթին կը դառնայ: Մինչեւ հիմա գիտնականները կը կարծէին, թէ մօտաւորապէս 2 միլիոն տարիներ առաջ ապրած մարդիկը քանի մը ցեղերու բաժնուած էին (հոմօ ապիլիս, հոմօ էրկասթեր, հոմօ ռուտոլֆենսիս, հոմօ ժէորժիքուս, եւայլն): Անոնցմէ իւրաքանչիւրը միւսներէն փոքր մանրամասնութիւններով կը տարբերէին, ինչպէս` ծնօտին չափը, կամ գանկին մեծութիւնը: Սակայն նոր գտնուած բրածոն կը խանգարէ մարդկութեան ծննդաբանութեան մինչեւ հիմա ծանօթ ծառը` կտրելով անոր ճիւղերէն քանի մը հատ:
Ամերիկեան գիտական «Սայընս» թերթը, հոկտեմբեր 18-ին տպած է խումբ մը մասնագէտներու յօդուածը, ըստ որուն, այդ բոլոր նախապատմական մարդիկը մաս կազմած են միակ եւ նոյն ցեղի մը` հոմօ էրեքթուսին: Կերպարանքի պզտիկ տարբերութիւնները պարզապէս մարդոց միջեւ դէմքի այլազանութիւններ են: Այսինքն այդ ժամանակաշրջանին մարդիկ կրնային աւելի մեծ ակռաներ, աւելի պզտիկ գլուխ կամ աւելի ցցու՛ն ծնօտ մը ունենալ` առանց անպայման մարդու ուրիշ տեսակի մը պատկանելու: Իսկ գիտնականները ինչպէ՞ս հասած են այս եզրակացութեան: Անոնք ուսումնասիրած են Տմանիսիի մէջ, Վրաստան, գտնուած գանկ մը: Բացառաբար լաւ պահուած այս բրածոն ունի դէմքի բազմաթիւ յատկութիւններ, որոնք ընդհանրապէս կը վերագրուին մարդոց տարբեր տեսակներու: Անիկա տեսակ մը «համադրութիւնն» է այդ տարբեր տեսակներուն:
Անշուշտ բոլոր մասնագէտները նոյն կարծիքէն չեն: Սակայն պէտք է խոստվանիլ որ, հաճելի էմտածել, թէ այդքան հին ժամանակներուն մեր նախահայրերը մէկ մեծ ընտանիք մը կը կազմէին:
* * *
Հին Արուեստագէտնե՞ր
Երբ մենք մեր շուրջիններուն հարց տանք, թէ ծանօ՞թ են նշանաւոր արուեստագէտներու, առաջին անգամ մարդոց միտքը կու գան տղամարդ արուեստագէտներ: Դժբախտաբար կին արուեստագէտները նուազ ծանօթ են: Սակայն, ըստ ամերիկացի մասնագէտի մը, Տին Սնօ, որ ուսումնասիրած է քարայրներու պատերուն վրայ մեր նախահայրերուն գծագրութիւնները, մարդկութեան առաջին արուեստագէտները հաւանաբար կիներ եղած են:
Ան կը բացատրէ, որ 12-40000 տարի առաջուան ձեռքի հետքերուն 75 առ հարիւրը կը պատկանին կիներու: Հետեւաբար աներեւակայելի չէ մտածելը, թէ անոնք գծած են նաեւ վայրի ցուլի, առիւծի եւ ուրիշ անասուններու պատկերները:
Սակայն ինչպէ՞ս Տին Սնօ հասած է այս եզրակացութեան: Ան յատուկ թեքնիք մը գործածելով` մատներուն երկարութիւնը բաղդատած է իրարու հետ: Ան արդէն 2009 թուականին նուազ ուսումնասիրութիւններ ըրած է, սակայն` քննելով միայն 6 հետքեր: Այս անգամ ան ուսումնասիրած է 32 հետքեր` ֆրանսական եւ սպանական քարայրներուն մէջ, ուր կարելի է գտնել պատի վրայի գծագրութեան արուեստի ամէնէն հին հետքերը (մինչեւ 40000 տարիներ առաջ): Եզրակացութիւն, անոնցմէ 24-ը կիներու ձեռքեր են, 5-ը` պատանի տղոց, եւ միայն 3-ը` չափահաս այր մարդերու:
* * *
Նախապատմական Լեզո՞ւ
Ի՞նչ լեզու կը խօսէին նախապատմական մարդիկը 4-6000 տարի առաջ, Եւրոպայի եւ Ասիոյ շրջաններուն մէջ: Պատասխան` Փրոթօ-հնդկա-եւրոպացիներէն: Հաւանաբար ասիկա եղած է նախահայրը ներկայի բոլոր հնդեւրոպական լեզուներուն, ինչպէս` անգլերէնը, պարսկերէնը, հինտին, շուէտերէնը կամ ֆրանսերէնը: Սակայն ասիկա հին տեղեկութիւն մըն է. 19-րդ դարէն արդէն լեզուաբանները իրարու հետ բաղդատած են ամէնէն հին լեզուները, որոնք գրուած հետքեր ձգած են (սանսկրիտ, յունարէն, լատիներէն, եւ այլն)` գտնելու համար անոնց նմանութիւնները: 1868-ին գերմանացի Օկիւսթ Շլայշըր երեւակայացած է պզտիկ հեքիաթ մը` գործածելով այս վերակազմուած նախապատմական բառապաշարով:
Այդ ժամանակէն ի վեր այս գրութիւնը հարստացած է լեզուաբաններուն բերած նոր տեղեկութիւններով: Այս բարբարոս բառերուն հնչիւնն ալ նրբացուած է: Այս ձեւով, քենթաքիի համալսարանէն լեզուաբան Անտրու Պայրտ կրցած է արձանագրել Շլայշըրի հեքիաթին ամէնէն նոր եւ բարելաւուած տարբերակը:
10 Միլիառ Մարդ` 2050 Թուականին
200 տարուան ընթացքին աշխարհի բնակչութեան թիւը 7-ով բազմապատկուած է, եւ հասած` 7,14 միլիառ բնակիչի, 2013 թուականին: Այս բնակչութեան կէսէն աւելին կ՛ապրի 6 երկիրներու մէջ: Չինաստան, Հնդկաստան, Միացեալ Նահանգներ, Ինտոնեզիա, Պրազիլ, Փաքիստան. ահա շարքով` աշխարհի ամէնէն շատ բնակչութիւն ունեցող 6 երկիրները, որոնք միասնաբար ունին 3,59 միլիառ բնակիչ:
12 տարուան ժամանակամիջոց մըն է, 1999-2011, որ աշխարհի բնակչութեան թիւը 6-էն հասած է 7 միլիառի: Իսկ 2050 թուականին այդ թիւը պէտք է մօտենայ 10 միլիառի: Այդ ժամանակ Հնդկաստանը անցած պիտի ըլլայ Չինաստանին, եւ դարձած` աշխարհի ամէնէն շատ բնակիչ ունեցող երկիրը իր 1,66 միլիառ բնակիչներով:
Ափրիկէն պիտի խլէ առաջին կարգերը. Նիկերիա 3-րդ ամէնէն շատ բնակիչ ունեցող երկիրը 2050 թուականին պիտի ունենայ 444 միլիոն բնակիչ. Քոնկոյի Ժողովրդավար Հանրապետութիւնը` 9-րդը, 2050-ին պիտի ունենայ 182 միլիոն բնակիչ, իսկ Եթովպիան` 10-րդը, 178 միլիառ բնակիչ, 2050 թուականին: Ընդամէնը ցամաքամասը պիտի ընդգրկէ աշխարհի բնակչութեան մէկ չորրորդը:
Աշխարհին Շուրջ
Մայիս ամսուն 5 տարեկան Թոպի դպրոցէն տուն կը բերէ պատմութեան գիրք մը` «Նամակ մը Նոր Զելանտային»:
Մօր հետ գիրքը կարդալէ ետք, ան իր մօր կը հարցնէ, թէ ինք ալ կրնա՞յ նամակ մը գրել Նոր Զելանտային: Մինչ մայրը շուարած կը մտածէր, թէ ի՛նչ կրնար պատասխանել իր տղուն, Թոպի կը հարցնէ, որ կրնա՞յ նամակ գրել ամբողջ աշխարհին:
Այդ օրէն ի վեր Թոպի գրած է 187 երկիրներու եւ ստացած` 66 պատասխան: Սակայն Թոպի չ՛ուզեր հոս կանգ առնել: Ան կ՛ուզէ նաեւ ձեւ մը գտնել` օգնելու այն մարդոց, որոնց ծանօթացած է իր նամակներուն միջոցով:
Թոպի կ՛ուզէ աշխարհը «աւելի լաւ վայր» մը դարձնել:
Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

Ծովու մէջ սուզուողները կրնան քարտեր եւ նամակներ ղրկել` զանոնք նետելով Ճափոնի ջուրերուն մէջ, 10 մեթր խորութեան գտնուող նամակատուփի մը մէջ:
- Ամէնէն փայլուն լոյսը կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու Նեվատա նահանգի Լաս Վեկաս քաղաքին պանդոկներէն մէկուն վրայ, որ կը տեսնուի 402 քմ. բարձրութեամբ թռչող օդանաւներէն:
- Մեղրը բնաւ չ՛աւրուիր:
- Ջղջիկները միակ ստնաւոր անասուններն են, որոնք կը թռչին:
- Գրագէտները ժամանակին հացի միջուկի մնացորդներ կը գործածէին իբրեւ ռետին` մատիտով գրուած իրենց սխալները սրբագրելու համար:
- Հաուայի մէջ գոյութիւն ունի ջրվէժ մը, որուն ջուրերը երբեմն դէպի վեր կ՛ելլեն` դէպի վար հոսելու փոխարէն:
- Եթէ մարախները մարդոց հասակը ունենային, անոնք պիտի կարենային ցատկել պասքեթպոլի դաշտի մը հեռաւորութեան:
- Մարդ մը ինքզինքին արձանը շինեց` գործածելով իր անձնական մազերը, ակռաները եւ եղունգները:
- Ձիերը կը վազեն իրենց ոտքին առջեւի բաժինին վրայ:
- Կարելի է, որ շանաձուկ մը լսէ ձուկի մը սրտի զարկերը անոր վրայ յարձակելէ առաջ:
- Կարգ մը ձուկեր կրնան ցամաքի վրայ քալել:
Ժամանց