Հայերէն Ընթերցողի Նորագոյն «Ցանկութիւնները»

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Դեռ կան հայերէն գիրք եւ թերթ ընթերցողներ: Այդ հայատեսակը դեռ բոլորովին չէ չքացած: Մխիթարական: Բարեբախտաբա՛ր, քիչ մըն ալ` յուսադրիչ: Անոնց տարիքը հետզհետէ կը բարձրանայ համրանքի նուազման համեմատութեամբ: Փոխարինողները բանակ չեն: Աշխարհի հայկական գրատուներուն թիւը կարելի կ’ըլլա՞յ օր մը իմանալ: Նաեւ` վաճառուող եւ նուէր տրուող գիրքերուն քանակը: Եթէ այդ գիտնանք, մեր ճառերը նուազ ամպագորգոռ կ’ըլլան: Հայերէն գիրքերու եւ թերթերու տպաքանակը եւ վաճառքը ախտաճանաչման եւ ինքնաճանաչման անսխալական միջոցներ են, եթէ թիւերը հրապարակուին: Այդ թիւերը թերեւս «մշակութային ղեկավարում»-ի նոր հորիզոններ կը բանան:

Հայերէնի գործածութեան կառչողներու մասին, հետեւաբար` գիրք եւ թերթ ընթերցողներու եւ գրողներու, ղեկավարութիւն խաղցող մը օր մը ըսաւ, որ անոնց պայքարը «յետսապահ գունդ»-ի կռիւ էր: Այսինքն` վերջնական պարտութենէն առաջ տեղի ունեցող հրավառութիւն: Այդպէս մտածողներուն թիւը կ՛աճի, այդպէս են իրենց հանգամանաւորութիւններու դէզին վրայ բազմածներէն շատեր, նոյնիսկ երբ այդ չեն ըսեր չխոստովանուող շահախնդրութեամբ, լուռ համախոհութեամբ դառնալով աւագ դերակատարները ազգի նահանջին: Ազգային համարուող նոր գործնապաշտութիւնը այդպէս է: Աւելիին ձգտիլ` երազապաշտութիւն է, կամ ինչպէս ոմանք կ՛ըսեն` «Կաղանդ պապային հաւատալ»: Բայց այդ արգելք չ՛ըլլար աթոռ-աթոռակ ցանկալու:

Արդէն չկորսնցնելու համար «յետսապահ գունդ»-ը` երէց դարձած ընթերցողները, տառատեսակները կը դարձնենք աւելի մեծ եւ ընթեռնելի: Կայ նաեւ «նորահայերու» պահանջը, որ կը սահմանուի «պարզ գրեցէ՛ք»-ով, որ կը նշանակէ «դժուար բառեր մի՛ գործածէք», ի հարկին օտար բառերով ամբողջացուցէք հայերէնը: Այս «պարզ գրեցէ՛ք»-ը քանի մը գլուխներու կարելի է բաժնել. ա. «դժուար» բառեր չգործածել (առանց ճշդելու, թէ ի՛նչ է սահմանը եւ սահմանումը «դժուար» բառին), բ. «ուղղագրութիւն-քերականութիւն» պերճանքէն հրաժարիլ, կ՛ըսեն` «կարեւորը խօսիլն է», գ. գրեթէ նմանաձայն համարուող տառերէն միայն մէկը պահել, այսպէս,  Ե եւ Է տառերէն մէկը պահել, Բ, Պ, Փ, կամ  Գ, Կ, Ք, եւ կամ  Դ, Թ, Տ, եւայլն, որպէսզի առանց ուղղագրական սխալ ընելու բարդոյթ ունենալու, «քոմփլեքս»-ի, հայերէն գրեն: Ի՞նչ ընելու եւ ո՞ւր հասնելու համար:

Այս «դժուար» համարուած բառերու ցանկը ինչպէ՞ս կազմել: Կը մտածե՞նք բնաւ, որ լեզու մը լեզու է իր բառագանձով, այլապէս ան կը վերածուի Փաւլովի շուներուն տրուած ազդանշաններուն, որպէսզի անոնք հասկնան, թէ ե՛րբ ճաշ պիտի տրուի, սուլիչ կամ զանգակ: «Դժուար» համարուած բառերու արգելքը այդքան ալ անյաղթահարելի չէ: Երբ օտար լեզուներով գիրքեր կը կարդանք, յաճախ կը դիմենք բառարանի օգնութեան: Ինչո՞ւ այդ ճիգը չենք ըներ հայերէնի պարագային: Դեռ հայերէն կարդալու ճիգ ընող կին մը ընդգծած էր բառեր, որոնք առօրեայ կեանքի մէջ կը գործածուին մանաւանդ կիներու կողմէ, եւ ինք գտած էր, որ անոնք «դժուար» էին, ինչպէս` շպարուիլ, պճնուիլ, օծանելիք, մանեակ, թարթիչ, կոպ… Ասոնք ո՛չ գիտական, ո՛չ ալ իմաստասիրական բառեր են: Չգիտնալ` անկասկած որ յանցանք չէ, բայց բառարանի մը էջերը դարձնելը այդքան յոգնեցուցիչ ըլլալու չէ: Ինչպէ՞ս համոզել, որ հայերէնը նախնական եւ աղքատ լեզու չէ: Ինչպէ՞ս համոզել, որ աղքատացած լեզուով ազգը հոգեպէս կ’աղքատանայ եւ կ’ուծանայ:

Գրեթէ նոյն հնչիւնը ունեցող տառերու պարագան իրապէս դժուարութիւն կը ստեղծէ արեւմտահայերէն խօսողներու եւ գրողներու համար, քանի որ պատմական հոլովոյթի պատճառով անոնք կորսնցուցած են անոնց հնչիւնական տարբերութիւնը: Բայց այդ կացութիւնը բաւարար պատճառ կրնա՞յ ըլլալ խաթարելու համար բառերու ինքնութիւնը, տարբերութիւնը եւ տեսքը, ՍԷՐը, ՍԵՌը եւ ՍԵՐը նոյնացնելու եւ խօսքը անհասկնալի դարձնելու: Արդիականութենէ չվախցող ֆրանսացիները չեն մտածած նոյն ձեւով հնչուող, բայց տարբեր ձեւով գրուող բառերը նոյնացնել (il chante, ils chantent), կը գրեն «cordonnier», բայց կը հնչեն «cordonnié», յոգնակիի կը վերածեն եւ կը գրեն «cordonniers», բայց կը շարունակեն հնչել «cordonnié», եւ մենք այդ բնական կը գտնենք, եւ կ՛ուզենք, սորվիլ, կ՛ուզենք որ մեր զաւակները այդ սորվին անթերի կերպով: Ինչո՞ւ այդ «անթերիութեան» ազնիւ վերաբերումը չունինք մեր մայրենիին համար: Օրինակը կը վերաբերի ֆրանսերէնին, բայց նոյնը կրնանք ըսել անգլերէնի, գերմաներէնի եւ ուրիշ լեզուներու պարագային ալ: Ամերիկացին կը գրէ «although», «through», բայց ի՞նչ կը հնչէ:

Այս ցանկութեան կը հետեւի քերականութեան անտեսման պահանջը: Լեզուները ունին իրենց ԿԱՆՈՆները, հոլովում, խոնարհում, խնդրառութիւններ եւայլն: Նոյնն է պարագան բոլոր լեզուներուն: Երբ դասարանին մէջ աշակերտուհին ըսած է, սխալ գրած ըլլալուն համար, «j’ai trompé», ֆրանսացի սրամիտ ուսուցիչը ըսած է. «Mademoiselle, vous êtes trop jeune pour tromper !», որ «խաբած է»: Այլ խօսքով, իւրաքանչիւր պարագայի համար կարելի չէ ստեղծել ուղղագրութիւն եւ քերականութիւն: Այսինքն ԼԵԶՈՒՆ ԿԸ ՍՈՐՎԻՆ իր ուրոյն քերականութեամբ, շարահիւսութեամբ եւ բառագանձով: Երբ կրնանք օտար լեզուներ սորվիլ նոյնիսկ մեր յառաջացեալ տարիքին, պատճառ չկայ, որ հայերէնը սորվելու անկարող ըլլանք:

Լեզուն կարելի չէ պատշաճեցնել իւրաքանչիւրի դպրոցին: Յաճախ կը յիշեմ մամիկի մը իմաստութիւնը, որ կ՛ըսէր, թէ ամէն անգամ որ ուղտը տեղ մը ծունկը գետին դնէ, հոն քարվանսարայ չի շինուիր: Տեղատուութեան իւրաքանչիւր ասպետի համար քարվան-սարայ չի շինուիր:

Գիտակից անհատը ինք քաջութիւն պէտք է ունենայ պատշաճելու լեզուի դպրոցին: Այս արդէն ինքնութեան եւ արժանապատուութեան խնդիր պէտք է ըլլայ եւ հետզհետէ կը դադրի ըլլալէ:

Մարդորսութիւն ընողներ կ՛ըսեն, որ այս հարցերը երկրորդական են եւ կը յաւակնին ազգ առաջնորդելու: Ո՞ր ազգը, ո՞ւր տանելու համար զայն: Անոնք ունի՞ն ազգի ինքնուրոյնութեամբ գալիքի տեսիլքը, թէ՞ չունին: Դիմակները պէտք է պատռել:

Մուշեղ Իշխան բանաստեղծի ծննդեան 100-ամեակն է: Հաւանօրէն յիշատակի հանդէսներ պիտի կազմակերպուին ասդին-անդին: «Պաշտօնական անձինք» ալ ներկայ պիտի ըլլան փայլ տալու համար այդ ձեռնարկներուն: Բայց պիտի կրկնե՞ն իր խօսքը, որ` «Հայ լեզուն տունն է հայուն աշխարհի չորս ծագերուն / Ուր կը մտնէ ամէն հայ իբրեւ տանտէր հարազատ»… Անհարազատով ազգ կը պահուի՞…

Հասցէնե՞րը մարդորսութեան ասպետներուն. Հայաստանի Հանրապետութիւն, գերաճող եւ հոգեպէս նօսրացող սփիւռքներ…

Փողով-թմբուկով օտարագիր հայ գրողներու համար սարքուած տօնախմբութիւններուն այս կարգի հարցեր չեն խօսուիր: Ինչո՞ւ անհանգստանալ եւ անհանգստացնել: Մարդորսական ծակպտուկ թափահարումներուն արգելք պէտք չէ ըլլալ` անմիջական մանրուքներ ձեռք բերելու համար:

Այսինքն, թութակային «քաղաքական» քարոզչութիւնը, արդարացումներ եւ ծխածածկոյթ փնտռող քաղքենիական տեղատուութիւնը, իրենց հարթող գլանին տակ կը ճզմեն ազգի գոյատեւման էական խնդիրները: Յարդի բոցով ազգի ճամբան չի լուսաւորուիր:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (1)
  • նորայր Մանճեան 9 years

    Մի լաթաքիացի Հայուհի ֆրանսա էր **Երբ վերադարձաւ ինձ ըսաւ – ֆրանսայի ձայնէն լսեցի քու գրութիւնը ՜խօսէք հայրենի գիրքեր **2004 ին զարմացայ բացի հեռաձայն Գանձասարի խմբագրատուն **իմացայ որ տիար Յ,Պալեանն է Տնօրէնը *Առաջին անգամ կիմանայի իր մասին *եւ այդ օրէն մեծ հաճոյքով կը կարդամ իր հայաշունչ եւ ազգաօգուտ գրութիւնները**** Շէն մնայ

    Norayr Manjian Այո Սիրելի Պալեան տակաւին կան գրող կայ տպարան եւ այդ պատերազմի մէջ լոյս տեսաւ ԱՐԵՒԵԼՔ էն Մատեան Քաջաց բանաստեղծութիւններս եւ մեծ հաճոյքով կը նուիրեմ հայ ընթերցողին

  • Disqus ( )