ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՐՄԱՏՆԵՐ ՈՒՆԵՑՈՂ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՄԸ` ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒ

Մաքսիմ Վեռներ

Հայկական արմատներ ունեցող Մաքսիմ Վեռներ իր թեկնածութիւնը պիտի առաջադրէ Ֆրանսայի 2012-ի նախագահական ընտրութեան: Անոր հայրը թաքսիի վարորդ է, իսկ մայրը հայ է` Ֆլորա Քրեքճեան:

Անոր նախընտրական ծրագիրը հրապարակուած է անցեալ հինգշաբթի եւ կը կրէ «Բոլոր տարիքի երիտասարդներ մեզի հետ հանդիպում ունեցէք. 89 առաջարկ 2012-ի համար» խորագիրը: Մաքսիմի առաջարկներուն շարքին է վարորդական իրաւունքի ձեռքբերումի ֆինանսաւորումը ֆրանսական կառավարութեան վստահելով` զայն անվճար դարձնել: Ան նաեւ կ՛առաջարկէ սերունդներուն միջեւ ստեղծել համերաշխութիւն, որուն նպատակը պիտի ըլլայ աջակցիլ աշխարհի երիտասարդներուն:

Ըստ լրագրող Ժան Էքեանի, Մաքսիմի նախաձեռնութիւնը մեծ աղմուկ բարձրացուցած է Ֆրանսայի մէջ եւ ֆրանսական մամուլը հեղեղուած է անոր մասին յօդուածներով: Պատկերասփիւռի բոլոր կայանները զինք հարցազրոյցներու կը հրաւիրեն:

Share this Article
CATEGORIES