ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը իր ստանձնած որոշ պարտականութիւններուն մէջ յաջողած է, սակայն այլ պարտականութիւններու պարագային ան ձախողութիւններ արձանագրած է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի Եարզէի մէջ ընդունեց Պէյրութի իրաւաբաններու սենտիքայի նախագահ Ամալ Հատտատը, որուն ընկերակցեցան իրաւաբաններ Սալիպա Հաժ եւ Ժորժ Ըսթֆեն:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կեցուածքը առիթ ընծայած է շրջանցելու գոյութիւն ունեցող գերզգայնութիւնները` ի շահ ազգային շահերու իրականացումին:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ իրենք վստահութեան քուէ պիտի չշնորհեն վարչապետ Միքաթիի կառավարութեան` աւելցնելով, որ իրենք նաեւ պիտի չարտօնեն, որ  նորակազմ կառավարութիւնը Լիբանանի ուղեգիծը շեղէ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին, առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ ինք Պաապտայէն լսած է իր անունը` իբրեւ նախարար: Ան շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահին սովորութիւնն է չբացայայտել իր բոլոր ծրագիրները:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ յատուկ միջազգային դատական ատեանի բանբեր Մարթին Եուսեֆ յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան հարցի ծիրին մէջ նախնական ամբաստանութիւնը պիտի արձակուի յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ շեշտեց, որ նորակազմ կառավարութիւնը միջազգային ընտանիքին հետ դիմակայութեան կառավարութիւն չէ, այլ` Լիբանանի պաշտպանութեան կառավարութիւն:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ շեշտեց, որ կառավարութիւնը միագոյն է եւ պարտաւորութիւններով կաշկանդուած:

Ան նկատել տուաւ, որ Լիբանան կը գտնուի շատ վտանգաւոր կացութեան մէջ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր այցելեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Մուխայպեր կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն միջեւ հասարակ յայտարարներուն վրայ կեդրոնանալու եւ այդ հիմամբ գործելու` հասնիլ կարենալու համար լիբանանցիներու շահերուն իրագործումին:

 

Share this Article
CATEGORIES