ԶՕՐ. ԼԱՀՈՒՏ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ
Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ երէկ իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին` ներկայութեամբ իր զաւկին` նախկին երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ Սուրիոյ իրադարձութիւնները:
Դեսպան Ալի մեկնումի պահուն կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը ուրախալի է լիբանանցի իրենց եղբայրներուն, ինչպէս նաեւ սուրիացիներուն համար, որովհետեւ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը կարեւոր է Սուրիոյ համար:
Ալի նշեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը լիբանանեան կարիք էր, սակայն անիկա նաեւ Սուրիոյ համար կարեւոր էր` նկատի ունենալով, որ Լիբանան եւ Սուրիա դրացի եւ սահմանակից երկիրներ են:
Սուրիոյ իրադարձութիւններուն մասին խօսելով` դեսպան Ալի շեշտեց, որ Դամասկոս ամէն ջանք ի գործ կը դնէ լուծելու համար սուրիական տագնապը, ինչպէս նաեւ կը շարունակէ բարեկարգումներու իր ընթացքը:
Ալի ըսաւ, որ ամբողջ շրջանը աւելի զօրաւոր դուրս պիտի գայ` տապալելէ ետք Սուրիոյ, Լիբանանի եւ այլ երկիրներու դէմ նիւթուող դաւադրութիւնները:

