ՖԱՅԵԶ ՔԱՐԱՄԻ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ՅԵՏԱՁԳՈՒԵՑԱՒ

Զինուորական ատեանը երէկ երրորդ անգամ ըլլալով յետաձգեց հանգստեան կոչուած զօրավար, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Ֆայեզ Քարամի դատավարութիւնը` պատճառաբանելով, որ անոր առողջական վիճակին վերաբերող բժշկական տեղեկագիրը տակաւին չէ ապահովուած:

Զինուորական դատարանը Քարամի դատավարութեան նիստը յետաձգեց մինչեւ յառաջիկայ 28 յուլիս:

Միւս կողմէ, Քարամի պաշտպան փաստաբանը շեշտեց, որ Քարամի թղթածրարը քաղաքականացած է եւ այդ յետաձգումները կը փաստեն այդ հարցին քաղաքականացած ըլլալու իրողութիւնը:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա դատապարտեց այդ երեւոյթը` շեշտելով, որ իւրաքանչիւր դատավարութեան պարագային խոչընդոտներ կը ստեղծուին: Ան մաղթեց, որ յաջորդ դատավարութեան պարագային ալ նման պատճառաբանութիւններ չարձանագրուին:

Նշենք, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն զօր. Ֆայեզ Քարամ ձերբակալուած էր Իսրայէլի հետ գործակցելու յանցանքով:

Share this Article
CATEGORIES