«ԵԹԷ ՈՄԱՆՔ ԲՈՒԻ ՆԿԱՐԱԳԻՐ ՈՒՆԻՆ, ԵՍ Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՄ ԸՆԵԼ» ՀԱՐՑ ՏՈՒԱՒ ԶՕՐ. ԱՈՒՆ

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախարարները զօր. Աունի եւ երեսփոխան Բագրատունիի հետ կը խմեն իրենց նշանակման կենացը

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ զօր. Միշել Աուն  երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց համախմբումի անդամ նոր նշանակուած նախարարները, որոնք են` աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհաս, զբօսաշրջութեան նախարար Ֆատի Ապպուտ, մշակոյթի նախարար Կապի Լայյուն, պետական նախարար Սելիմ Քարամ, ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան, պետական նախարար Փանոս Մանճեան, արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի, պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն, հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուի եւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ, ինչպէս նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին:

Հանդիպումին ընթացքին կառավարութեան կազմութեան ուրախ առիթը նշելէ ետք, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին զօր. Աուն յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքը այդքան ալ դիւրին պիտի չըլլայ, որովհետեւ նախարարները պիտի ստանձնեն քսան տարուան փտածութեան վերջ տալու առաքելութիւնը, որ դժուար է:

ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ ԸՆԹԱՑԻԿ ՆԻՍՏ

Զօր. Աուն` մամլոյ ասուլիսի պահուն

Յետմիջօրէին զօր. Աուն նախագահեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընթացիկ նիստին, որմէ ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինք ի՞նչ ունի ըսելիք Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլի կողմէ կառավարութեան կազմութիւնը «գուժելու» կեցուածքին, ըսաւ. «Եթէ ոմանք բուի նկարագիր ունին, ես ի՞նչ կրնամ ընել»:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ ինչպէս կառավարութեան կազմութեան հարցը լուծած են համագործակցութեամբ եւ հաւասարակշռութիւնները պահելով, նոյնպէս ալ երկրին բարեկարգումը պիտի շարունակեն հաշուետուութեան կանչելով եւ հարցաքննելով:

Share this Article
CATEGORIES