ՖԱՅՍԱԼ ՔԱՐԱՄԷ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԸՐՐԻԻՆ ԵՒ ՇԷՅԽ ՆԱՅԻՄ ՔԱՍԵՄԻՆ

Նախարար Քարամէ եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Իրանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալի Լարիճանիի կողմէ, որ շնորհաւորեց Պըրրին Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան նպատակով ի գործ դրուած ջանքերուն համար:

Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Պաղեստինի համար գումարուելիք խորհրդաժողովին մանրամասնութիւնները: Պըրրի շնորհաւորական հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ստացաւ նաեւ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասանէն:

Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախկին նախարար Ժան Օպէյտը, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ պէտք է առիթ տալ կառավարութեան` գործելու եւ ծառայելու լիբանանցիներուն:

Խորհրդարանի նախագահին այցելեց նաեւ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ` ներկայութեամբ առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլի:

Հանդիպումէն ետք Քարամէ ողջունեց Պըրրիի կեցուածքը` զանիկա նկատելով ազգային վեհ կեցուածք:

Քարամէ շեշտեց, որ հանդիպումին ընթացքին ինք պատրաստակամութիւն յայտնած է գործակցելու Պըրրիի հետ եւ Լիբանանի ապագան դարձնելու փայլուն:

Նշենք, որ Քարամէ այցելեց նաեւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց կուսակցութեան` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը դիւրացնելու անոր ջանքերուն համար` շեշտելով, որ իրենք մնայուն կերպով պիտի զօրակցին Լիբանանին:

 

Share this Article
CATEGORIES