Տինքի Սպանութեան Հարցով Հետախուզուող Էրհան Թունճել Դարձեալ Կը Ձերբակալուի
Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը դարձեալ ձերբակալեց Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցով հետապնդուող ամբաստանեալներէն Էրհան Թունճելը:
Թրքական «Միլլիյէթ» թերթին համաձայն, ոստիկանութիւնը Պոլսոյ Քումպուրկազը թաղամասի բնակարաններէն մէկուն մէջ ձերբակալած է Թունճելին, որ այս տարուան սեպտեմբեր 17-ին, վերջին անգամ մասնակցած էր դատավարութեան, որմէ ետք անհետացած էր:
Նշենք, որ Թուրքիոյ Վճռաբեկ ատեանին կողմէ Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով ամբաստանեալներու խումբ մը ազատ արձակելու վճիռի բեկանումէն ետք վերսկսած դատավարութեան ընթացքին Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններով զբաղող 14-րդ դատարանը որոշած էր ձերբակալել սպանութիւնը կազմակերպողներէն մէկը նկատուող Թունճելը, որ առաջին դատավարութեան աւարտին ազատ արձակուած էր:
Յայտնենք, թէ թրքական «Սթար» թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Թունճել նախապէս յայտնած էր, թէ Տինքի սպանութիւնը ցոյց կու տայ, որ պետութեան մէջ կայ «Էրկենեքոն»-էն աւելի բարձր կառոյց մը, որ միշտ կը կանխէ յանցագործութեան բացայայտումը: «Ես այս միջադէպին մէկ փոքր մասնիկն եմ միայն: Ես կարդացած եմ Տինքի փաստաբան Ֆեթհիյէ Չեթինի գիրքը, ուր ինք եւս գտած է «Էրկենեքոն»-ի կառոյցին հետքերը», ըսած է Թունճել:
Թունճել նաեւ պնդած է, թէ զինք բանտարկելու մասին ատեանին որոշումը անարդար է, որովհետեւ միւս կասկածելիներուն դէմ նման քայլեր չեն առնուած:
«Իմ պաշտպանական ճառիս հետ միասին, պիտի ներկայացնեմ նաեւ Տրապիզոնի ոստիկանութեան առնչուած տեղեկութիւններ` այն ժամանակահատուածին մասին, երբ եղած եմ ոստիկանութեան հետախուզութեան գործակալի օգնական: Պէտք է Տրապիզոնի ոստիկանութեան գործունէութիւնը եւս հետաքննուի: Սպանութեան մէջ անոնց դերը մեծ է: Այս գործը «Էրկենեքոն»-էն աւելի բարձր կառոյցի գործ է: Հրանդ Տինքի սպանութեան գործի թղթածրարը ամբողջովին սխալ է: Այս սպանութեան հետ պետութիւնը կապ չունի», աւելցուցած է ան:
«Հրանդ Տինքի սպանութիւնը նման է Կապրիէլ Կարսիա Մարքեզի մէկ պատմութեան, ուր սպանութիւն մը տեղի կ՛ունենայ բոլորին աչքին առջեւ: Բոլորը գիտէին, թէ Տինքին կը սպառնային, սակայն չկանխեցին», եզրակացուցած է ան: